ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Կիրակի, ուշ ժամերուն մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի այս տարուայ առաջին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին, որ պիտի կայանայ 24-26 Փետրուար թուականներուն միջեւ։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի երօրեայ նիստերուն պիտի նախագահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ձեռք պիտի առնուին զանազան հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտին։

Նորին Սրբազնութիւնը քաղաքս կը վերադառնայ 2 Մարտ Երկուշաբթի։