ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

la-resurrection-de-jesus

Որպէս Ադամաւն ամենեքին մեռանին,
նոյնպէս Քրիստոսիւ ամենեքին կենդանասցին։
(Ա. Կորնթացիս, 15.21)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Անգամ մը եւս մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին։ Դատարկ Սուրբ Գերեզմանէն աւանդուած Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը այս տարի եւս կու գայ պարուրել մեզ, ու զգացնել՝ իր հրաշագործ զօրութիւնը։ Այդ զօրութեամբ կը վերանորոգուինք, կը մխիթարուինք, մանաւանդ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը վերահաստատուինք այն ժայռին վրայ, որ միակ ամուր եւ անառիկ բերդն է մեր կեանքին։ Հոն, կը պահպանուինք աշխարհի ամէն տեսակի ժխտական հոսանքներէն, հոգեմաշ դէպքերէն ու շարժերէն, մնալով՝ աներեր։ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսն է, որ կը տարփողուի եւ եկեղեցւոյ բեմերէն ալիք ալիք կը տարածուի ժամագրքին բառերով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»։

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան կենսապարգեւ զօրութեամբ, անյուսալից մարդուն ուսերէն  կը թօթափի կեանքը անտանելի դարձնող բարոյական առումով մահասփիւռ ապրելակերպի մը  ծանր բեռը։ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը, առիթ կþընծայէ անբաղձալի եւ ոչ-Աստուածահաճոյ կեանքի մը առթած տուայտանքը, երջանկութեան փոխակերպելու։ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը մեր առջեւ կը բանայ ապահով ճանապարհը, որ մեզ կþառաջնորդէ դէպի «աշխարհի սկիզբէն սուրբերուն համար պատրաստուած երկնքի թագաւորութիւնը» (Մտթ. 25.34)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած մեր նախածնողքը, եդեմական պարտէզին մէջ Աստուծոյ ազդարարական խօսքին ընդմէջէն, առաջին անգամ մահուան գաղափարին հետ ծանօթացան. «…Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի ուտեր, քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծննդ. 2.17)։ Սատանայէն դէպի Եւա, Եւայէն դէպի Ադամ հասած մեղանչելու շղթան դուռ բացաւ որ, «երկիրը անիծուի», մեր նախածնողքին վրայ գայ մահուան անէծքը. «հող էիր եւ ի հող պիտի դառնաս»։ Սուրբ Գիրքը կþուսուցանէ, թէ «մեղքը աշխարհ մտաւ մարդով, եւ մեղքով ալ մահը եւ մահը տարածուեցաւ բոլոր մարդոց մէջ, որովհետեւ բոլորն ալ մեղանչեցին» (Հռմ. 5.12)։ Ադամի յանձանքով իրաւ է, թէ մահը թագաւորեց, սակայն այդ թագաւորութիւնը, անէծքի այդ խաւարը փոխակերպուեցաւ նոր կեանքի մը օրհնութեան լոյսին, Նոր Ադամին՝ Քրիստոսի հրաշալի Սուրբ Յարութեամբ։ Որքա՜ն քաղցր է առաքելական յիշեցումը, թէ անոնք որոնք «շնորհի առատութիւն եւ արդարութեան պարգեւնեը կը ստանան պիտի թագաւորեն կեանքի մէջ միակ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով (Հռմ. 5.17)։ Սուրբ Յարութեան ճշմարտութիւնը առհաւատչեան է մեր ազատութեան եւ փրկութեան (Յվհ. 8.32)։ Եւ մենք կը հրաւիրուինք այս ճշմարտութեան դրօշակիրը ըլլալու, հեռացած՝ մեղքի ծառայութենէն եւ դարձած՝ Աստուծոյ ծառայութեան։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը, կþընդգծէ «մեղքի նկատմամբ մեռած, իսկ Աստուծոյ համար Յիսուս Քրիստոսով կենդանի  համարուելու» (Հռմ. 6.11) կարեւորութիւնը։

Այսօր Սուրբ Յարութեան տօնն է։ Տօն՝ հոգեւոր ցնծութեամբ վերանորոգուելու, մեր սրտերը առ Աստուած բանալու եւ Աստուծոյ սիրով լիցքաւորուելու։ Տօն՝ խաչի նշանով երկփեղկուած մեղքի ծովէն անյողդողդ անցնելու եւ դէպի խոստացուած երանութեան քալելու զօրութիւնը հագնելու։ Տօն՝ հոգեւոր ապրումներու ընդմէջէն Աստուծոյ փառքը մեծարելու։  Տօն՝ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Սուրբ Յարութեան աւետիսին գործած սքանչելի հրաշքը յիշելու։

Աստուած իր նախախնամութիւնը չէ զլացած մեր ժողովուրդէն։ Աստուծոյ փառք կու տանք որ բացասական երեւոյթներու եւ անբաղձալի դէպքերու մէջ իսկ  ունեցանք մեծեր, որոնք միշտ յիշեցին Յիսուս Քրիստոսի խօսքը թէ «մեր գլխուն մազերն իսկ համրուած են» (Մտթ. 10.31)։ Անոնք, այդ յոյսով ու հաւատքով Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տխուր եւ ցաւառիթ օրերուն կարողացան տոկալ։ Աստուծոյ ծանօթ են այն բոլոր հաւատացեալ հոգիները, որոնք վասն հաւատոյ իրենց թանկագինը զոհաբերեցին յաւիտենական կեանքի յոյսով։ Յարութեան տօնը առիթ է վերյիշելու Քրիստոսի հաւատացող մեր նախնեաց հաստատակամութիւնը, նոյն ստեղծագործ ոգիով լինելու եւ գոյատեւելու։ Անոնք հակառակ իրենց վիշտին, աղաղակեցին թէ ճզմուած չէին, յուսահատութիւնը մերժեցին, իրենք զիրենք լքուած չնկատեցին եւ այսպէսով «չմեռան» (Բ. Կրն. 4.9-10)։ Անոնց ներկայ ժամանակներու յաջորդներուն գլխաւոր պարտականութիւնն է օրինակ առնել այս ազնուական կեցուածքէն, ապրեցնել զայն հաւատարիմ մնալով նոյն ստեղծագործ ոգիին։ Եթէ լոկ քաղաքական ու աշխարհիկ բնոյթով ձեռնարկները բաւ համարուին զանոնք յիշելու համար, վա՜յ է մեզի։ Եթէ իսկապէս կþուզենք անոնց յիշատակը տօնել, ամէն բանէ առաջ նախ պարտինք անդրադառնալ մեր հոգեւոր եւ բարոյական սրբութիւնները անաղարտ պահելու առաջնահերթ պարտականութեան։ Պարտինք մեր ընտանեկան յարկերէն ներս պահել աւանդական հայադրոշմ քրիստոնէական կեանքը։ Պարտինք մեր զաւակները պահել մեր եկեղեցւոյ սրբաբոյր մթնոլորտին մէջ։ Պարտինք մեր կրթական յարկերը պահել եւ հետաքրքրուիլ անոնցմով, նաեւ ապահովել անոնց մակարդակի բարձրացումը։ Պարտինք հոգ տանիլ մեր ընկերային եւ մշակութային հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք մատչելի ըլլան մեր զաւակներուն։ Պարտինք մեր բարեսիրական հաստատութիւնները պահել բարգաւաճ վիճակի մէջ։ Պարտինք մեր անգին մշակոյթը պահել իր բոլոր երեսակներով.  մեր լեզուն, մեր մամուլը, մշակութային ու հոգեւոր գրականութիւնը։ Այս բոլորը, որքան դժուար, սակայն նոյնքան քաղցր լուծեր են, զորս տանելու կանչուած ենք բոլորս։ Ապա թէ ոչ պիտի նմանինք հարուստ հայրերու աղքատ զաւակներուն։ Չբաւեր ոչ-հոգեւոր լոզունքներով հանդէս գալ։ Այդ մէկը ամենէն դիւրինն է եւ դիւրամար։ Ամբոխավարութեամբ ստեղծուած մթնոլորտը յաճախ կը նմանի հարթի բոցերուն։ Մեր մեծերը Ա. Համաշխարհային Պատերազմի արհաւրալից մթնոլորտէն երբ դուրս եկան մոխիրներէն դուրս բերուած կայծերէն Ս. Յարութեան հաւատքի լոյսը բոցավառեցին։ Այսօր մենք այդ կրակը անմար պահելու համար, կը կանչուինք փայտի եւ ածուխի բեռնակրութեան։ Երանի այն բեռնակիրներուն, որոնք կը գիտակցին իրենց քաղցր եւ դժուարին պարտականութեան։ Անոնք յաճախ կրնան նմանիլ հոսանքի դէմ թիավարողներու։ Սակայն յարութեան յոյսով լեցուած ու վերանորոգուած հաւատքով գործողներ կրնան անկարելին կարելիի վերածել եւ յաղթել, Տիրոջ վստահելով եւ միշտ խոստովանելով, թէ Աստուած մեզի հետ է։

Ինչպէս միշտ, Քրիստոսի  Ս. Յարութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ իբրեւ նշան հաւատքի միութեան հաւատացեալներ եւս կու գան միանալ մեզի, ապաւինելով աղօթքի զօրակցութեան։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ եւ Իրաքահայ համայնքներու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Ս. Յարութեան լոյսով լուսաւորուած ապրինք Զատկական ուրախութիւնը, գօտեպնդուինք իրարու եւ զիրար ողջունենք աւանդական աւետիսը տարածելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ 

Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կÿողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները,  Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրները, Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կþողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս. Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եո Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ