ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Nerses-Bedros-XIXՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 26 Յունիս 2015, Ուրբաթ, յետ միջօրէին այցելեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի եւ  ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորին Գերերջ. Տէրութիւն Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման առթիւ։

Նորին Սրբազնութիւնը նաեւ ցաւակցական նամակ ուղարկեց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի եւ յանուն Պատրիարքակն Աթոռի, Պատկ, Կրօնական Ժողովոյ, հոգեւորական դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին  ցաւակցութիւն յայտնեց։