ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Kategori: Աշխարհական

recep tayyip erdoganՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 12 Օգոստոս 2014, Երեքշաբթի, յետ միջօրէի, շնորհաւորական պատգամ ուղարկեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։

Սրբազան Հայրը, իր խնդակցութիւնը յայտնեց նորընտիր նախագահին, անդրադառնալով՝ երկրի եւ հայրենակիցներու բարօրութեան համար տարած իր օգտաշատ աշխատանքներուն։ Ներկայացուց իր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Հոգեւորական Դասու եւ Հայ Համայքին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, հաւաստիացնելով թէ աղօթող պիտի մնայ իր առողջութեան եւ յաջողութեան համար։