ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 17 Մայիս 2016, Երեքշաբթի, հրապարակած լուսաբանութեամբ անդրադարձաւ համայանքային ընտրութեանց հարցին կապակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը հարկաւոր նկատեց սոյն լուսաբանութեամբ անդրադառնալ զանազան անհիմն զրոյցներու մասին եւ հայրաբար թելադրել ընթացք չտալ նման զրոյցներուն։

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Համբարձման Տօնին, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին վրայ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլու, իր արտասանած սիրտի խօսքերուն մէջ անդրադարձած էր համայնքային հարցերու, ընդ որս համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեան ընտրութեանց մասին։ Ցաւով անդրադարձաւ թէ զանազան զրոյցներ կը շրջէին որպէս թէ ընտրութիւններու կատարման արգելք կը հանդիսանար ինքը եւ թէ մենք։ Մենք ալ մեր կարգին արտայայտուեցանք, յիշեցնելով թէ այդ զրոյցներուն առընթեր մարդիկ անխղճօրէն կը պնդէին, թէ կարգ մը հաստատութիւններ կաշառքի համազօր նուէրներ առաջարկած էին պետական պաշտօնեաներուն։ Ուրիշներ ալ կը պնդէին թէ մայրաքաղաքի մէջ իրենց ծանօթ պաշտօնատարներու միջոցով արգելք կը հանդիսանային սոյն ընտրութեանց կատարման։
Ինչպէս որ մեր Հուսկ Բանքին մէջ ընդգծեցինք, թէ այդ բոլոր զրոյցները ոչ միայն չէին համապատասխանէր ճշմարտութեան, այլ նաեւ՝ հարցականներ կը ստեղծէին պաշտօնական մարմիններու շուրջ։
Այսու հայրաբար կոչ կուղղենք մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, որպէսզի ընթացք չի տան նման զրոյցներու, որոնք միայն կը ծառայեն որոմ ցանելու մարդկանց սիրտերու եւ մտքերու մէջ։
Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ

Աղօթարար

Արամ Արքեպիսկոս Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ