ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կրօնական

«Եւ դու, Բեթղեհէմ տուն Եփրաթայ,

սակաւաւոր իցես լինել ի հազարաւորս Յուդայ,

ի քէն ելցէ ինձ լինել իշխան Իսրայէլի,
եւ ելք նորա ի սկզբանէ աւուրց աշխարհի»։
(Միքիէ, 5.2)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Աստուածայայտնութեան տաղաւարը կու գայ համակել մեզ, հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտը անգամ մը եւս շնչելու առիթը ընծայելով։ Որքա՜ն կարիքն ունինք Աստուածայայտնութեան աւետիսին լսելու։ Այս աւետիսը կու գայ յոյսով վերաթարմացնել յուսահատութեան ախտով վարակուածներու հոգիները, զանոնք ձերբազատելու համար ապականիչ եւ վատառողջ մթնոլորտի ակնբախ ազդեցութենէն։ Քրիստոսի՝ մեր յաւիտենական Թագաւորին եւ Փրկիչին յայտնութեան հետ կապուած Աւետարանական նկարագրութիւններու ընդմէջէն հաղորդ կը դառնանք Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու աւետիսին։
Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին նախ քան Սուրբ Պատարագի մատուցումը կարդացուած Սուրբ Գրական ընթերցումներու մէջ յատկանշական է Միքիա Մարգարէի Գիրքի հատուածը, որ մեր ականջներու կը հասնի աւելի քան քսանեւեօթ դարերու խորքէն։ Այս մարգարէութեան ընդմէջէն հաղորդ կը դառնանք ակնկալուած Մեսիայի ծննդավայրին, Իր իշխանական եւ անժամանակ ծագման հանգամանքներուն։ Քրիստոս՝ յաւիտենական Թագաւորը ծնաւ Բեթղեհէմ, չարին յաղթելու իշխանութեամբ։ Բեթղեհէմը աղքատ էր, թէ բնակչութեան թիւով եւ թէ տնտեսապէս։ Այդ աննշան գիւղը հարստացաւ Քրիստոսի ծննդեամբ։ Ակնթարթի մը համազօր ժամանակամիջոցով դարձաւ կիզակէտը համայն մարդկութեան, սկսեալ Եդովմայեցի Հերովդէս Թագաւորէն, որ Երուսաղէմի ժողովուրդին հետ խռոված էր, նիւթականով եւ գիտութեամբ հարուստ երեք մոգերուն այցելութեամբ, որոնք եկած էին «փնտռելու Հրեաներու նոր թագաւորը, տեսած ըլլալով Անոր աստղը արեւելքի մէջ» (Մատթէոս, 2.1-2)։ Մինչեւ ի կատարած աշխարհի որքան ատեն որ կը քարոզուի Սուրբ Աւետարանը պիտի յիշուի Բեթղեհէմի կարեւորութիւնը։ եւ պիտի շեշտադրուի Քրիստոսի ներկայութեան հարստացնող զօրութիւնը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Քրիստոսի ծննդեան սքանչելի եւ աննախընթաց դէպքը առիթ կþընծայէ, որ հարցադրենք մեր փնտռտուքները։ Մենք արդեօք ըստ բաւականի կը պարապի՞նք բարոյապէս եւ հոգեպէս հարստանալու առաջադրութեամբ, թէ ոչ մեր ամբողջ կեանքի օրերը սահմանափակած ենք որպէս թէ արժէքներու հետամուտ լինելով։ Երեք մոգերը իրենց հաստատակամութեան պտուղը քաղեցին։ Տեսան նորածին Մեսիան եւ իրենց թանկարժէք նուէրները մատուցին։
Լսենք մսուրէն հասած ձայնին. մսուրը կը քարոզէ Անժամանակը, յայտնուած՝ ժամանակի սեղմ սահմաններուն մէջ, վասն փրկութեան մարդկութեան։ Յովհաննէս Աստուածաբան Աւետարանիչ նորածին Աստուածորդիին անժամանակ ծագումը կը շեշտադրէ «Սկիզբէն էր Բանը եւ Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր» (Յովհաննէս 1.1) բառերով։ Այս հաւատքով երբ կը փնտռենք Քրիստոսը, զԱյն գտնելով անպայման կþարժանանանք Աստուածային օրհնութիւններու։ Յաւիտենական Իշխանը, իր իշխանութեամբ կու գայ եւ կը բնակի մեր մէջ եւ մենք վկաները կþըլլանք, թէ աննշան Բեթղեհէմի մէջ ծնած եւ կենդանիներ կերակրելու սահմանուած մսուրի մը մէջ դրուած Աստուծոյ Միածին Որդին «Ճշմարիտ Օծեալն էր, որ քարոզութեամբը յոյս կը ներշնչէր աղքատներուն, կը բժշկէր սրտաբեկները, կþազատէր մեղքի կապանքներով գերեալները, կը բանար կոյրերու աչքերը, ազատ կþարձակէր չարութեան արմատէն կեղեքուածները» (Եսայի, 61.1-2։ Ղուկաս՝ 4.18-19)։

Միշտ ի մտի ունենանք, թէ «շնորհն ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եղաւ» (Յովհաննէս, 1.15)։ Այս Խօսքին զօրութեամբ առաջնորդուած «Տէր Աստուածը սիրենք մեր ամբողջ սրտով, մեր ամբողջ հոգիով եւ մեր ամբողջ մտքով» ու փառք տանք որ Փրկիչ մը ունինք, որ աննշան պայմաններու մէջ աշխարհ եկաւ որպէսզի ընթանանք դէպի այն երջանկութեան, զոր Աստուած խոստացած էր տալ ի սկզբանէ աշխարհի իր սուրբերուն համար։ Սուրբ կը նշանակէ նաեւ զատուած։ Քրիստոսի առաջնորդութեան յանձնուածները զատուած են անոնցմէ, որոնք այլ առաջնորդներ կþորոնեն եւ իրենց նախասիրած իբրեւ թէ առաջնորդներով կը փորձեն հասնիլ երջանկութեան։

Քրիստոսը փնտռելու նպատակ ունեցողներ սիրտ կը ստանան նոյնինքն Իրմէ. «Խնդրեցէք, եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք, եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէք, եւ պիտի բացուի ձեզի. որովհետեւ ով որ խնդրէ՝ կը ստանայ, ով որ փնտռէ՝ կը գտնէ, ով որ բաղխէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մատթէոս 7.7-8)։ Քրիստոսի Խօսքը ճշմարիտ է։ Հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուած երթանք Բեթղեհէմ, տեսնելու Աստուծոյ մեծութիւնը։ Երթանք Բեթղեհէմ ողջունելու յաւիտենական Թագաւորը։ Երթանք Բեթղեհէմ լսելու հրեշտակներու փառերքը եւ մասնակից ըլլալու իրենց ուրախութեան։ Երթանք Բեթղեհէմ ապաւինելու Խաղաղութեան Իշխանի աննկուն մականին, բարձրանալու համար յաւիտենական երջանկութեան։ Փառք Քրիստոսի Ծննդեան, Փառք Աստուածորդիին յայտնութեան։ Երթանք Բեթղեհէմ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի բառերով. «Փառք Քեզ Աստուած փառք Քեզ, յաղագս ամենայնի Տէր Փառք Քեզ»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Աստուածայայտնութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի ի հանգստեան կոչեցեալ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը փրկէ «յամենայն որոգայթից հոգւոյ եւ մարմնոյ» ու բժշկութիւն պարգեւէ Իր ամենաբաւական ողորմութեամբը։ Մեր հանապազօրեայ աղօթքներէն բաժին կը հանենք նաեւ մեր երկրի անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն, մանաւանդ իշխանաւորներուն։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ քաջառողջ եւ բարօր կեանք, հեռու ամէն տեսակի չար պատահարներէ։

Խաղաղութեան Իշխանին յայտնութեան տօնախմբութեանց առթած հոգեւոր ուրախութեամբ Քրիստոնէական առաքինութիւն է մտաբերել նաեւ համայն աշխարհի տառապեալները առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Աստուծոյ նախախնամութիւնը թող տարածուի անխտիր բոլորին վրայ։ Ամենակալ Աստուծմէ կը հայցենք, որ բոլորին պարգեւէ համբերութիւն, հաւատքի տոկունութիւն, որպէսզի մեղմանան իրենց ցաւերն ու տառապանքները, մխիթարուին բոլոր սգաւորները ու դադրին իրենց լացը։ Մեր յոյսն է, որ մարդիկ երբ կը կամենան խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ, ամէն տեսակի անհամաձայնութիւններ կրնան չքանալ եւ կարելի կþըլլայ հաստատել սիրոյ, եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան միջավայր մը։
Աստուածայայտնութեան տաղաւարը, առիթ մը ըլլայ վերանորոգուելու Աստուածային Փառքի ծագման աւետիսով։ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն՝ տիրոջ Օծեալին, Յիսուսի Քրիստոսի խոնարհութեան օրինակի ընդգրկումով նուիրուինք ծառայութեան, իւրաքանչիւս իր դաշտին մէջ, միշտ ի մտի ունենալով Աստուծոյ փառքը, եկեղեղեցեաց պայծառութիւնը եւ մեր հոգեւոր շինութիւնն եւ մխիթարութիւնը։ Այս բարեմաղթանքներուն պտղաբերութեան յոյսով ողջունենք զիրար ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրները եւ Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները եւ համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կþողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամն»րը։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, հայցելով Վեհափառ Տիրոջ եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները ։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եո Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.