ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

«Չարութեան հին խմորը

դուրս նետեցէք ձեզմէ,

որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր

զանգուած մը ըլլաք»

(Ա. Կորնթ. 5.7)

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

 

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

Այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը որպէս յաղթանակի օր։ Քրիստոս կ’ըսէ. «ես յաղթեցի աշխարհին»։ Այս յաղթանակը բոլորիս կը ներշնչէ լաւատեսութիւն, յոյս, երջանկութիւն եւ հոգեւոր մխիթարութիւն։ Աշխարհիկ մարդիկ ընդհանրապէս կը հպարտանան իրենց ձեռք բերած նիւթական յաղթանակներով. իսկ ճշմարիտ քրիստոնեան կը հպարտանայ իր ձեռք բերած հոգեւոր եւ բարոյական յաղթանակներով։ Սակայն այդ ալ դիւրին չէ ձեռք բերել, քանի որ մեր ապրելակերպով ու օրինակով պէտք է ներկայանանք Քրիստոսի՝ յաղթական։

 

Մեծ պահքի եօթը շաբթուան հոգեպարար շրջանէ մը ետք, մեր մատուցած աղօթքներով, կատարած բարեգործութիւններով ու ծոմապահութենէ ետք հասանք ահաւասիկ յաղթանակի այս օրուան, տեսնելու ու ներշնչուելու համար Սուրբ Գերեզմանէն ծագած լոյսով ու հրեշտակին տուած մխիթարիչ աւետիսով, թէ «հոս չէ. այլ յարեաւ»։

 

Մենք, որպէս մարդկային տկարութիւն ունեցող մեղաւորներ, յաճախ ենթարկուած ենք սատանայի փորձութեան, ինչպէս ենթարկուեցաւ մեր նախածնողքը՝ Ադամն ու Եւան, որով կորսնցուցին ամենակարեւորը՝ Աստուծոյ ներկայութենէն զրկուեցան։ Բայց մենք օրինակ պիտի առնենք Յոբ Երանելիի յաղթական կամքը ընդդէմ սատանային, օրինակ պիտի առնենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը, զոր ըսած էր սատանային՝ փորձութեան լերան վրայ։

 

Մեր հաստատուն կամքով ու Քրիստոսի ոյժ ու յոյս ներշնչող խօսքերով է, որ պիտի դիմադրենք սատանայի հրապուրիչ խոստումներուն ու պիտի քալենք դէպի Յաղթանակ, որն է ժառանգել մեր երկնաւոր Հօր խոստացած երկինքի արքայութիւնը, ուրկէ արտաքսուած էինք։

 

Սիրելի հաւատացեալներ,

Այս բոլորը կարելի է ձեռք ձգել հաւատքով, յոյսով ու սիրով, ասոնց առընթեր անպակաս պէտք է ըլլան, աղօթք, բարեգործութիւն ու ծոմապահութիւն։

 

Երբեք չի նմանինք Պետրոսին, որ մեծխօսութեամբ կը պնդէր թէ «պիտի չուրանար Քրիստոսը» կամ Թովմասին պէս, որ կ’ըսէր թէ «պէտք է մեռնիլ Քրիստոսի հետ», իսկ երբեք չնմանիլ Յուդային, որ անձնական շահերուն համար ծախեց իր ճշմարիտ Տէրն ու Աստուածը։ Աշխարհիկ ոյժերուն տեսքէն վախցող առաքեալները յանկարծ առիւծ կտրեցան՝ տեսնելով Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնը, որ եղաւ շաղախը՝ զիրենք միացնող ու պայքարելու եռանդը տուող։

 

Առաքեալը կ’ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» եւ այդ ալ կը նշանակէ, թէ տակաւին պիտի շարունակենք նոյն մեղքերուն մէջ կենալ (Ա. Կորնթ. 15.14)։

 

Պօղոս Առաքեալ Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ գրած է. «Չարութեան հին խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք» (Ա. Կորնթ. 5.7¤) Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ չարութեան եւ անզգամութեան խմորը պահելով մեր մէջ, այլ՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ։ Ի լրումն ժամանակի, Քրիստոս, ինքզինք որպէս պատարագ մատուցանելով, մեղքի հին թթխմորը ոչնչացուց եւ կարելի դարձուց անապական եւ անբիծ կեանքը, որուն խորհրդանշանն էր բաղարջ հացը։

 

Իսկ Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես եմ յարութիւն եւ կեանք», «Ես եմ ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն»։ Մեզի կը մնայ հաւատալ Անոր յարութեան, կեանք տուող խօսքերուն ու քալել ցոյց տուած ճշմարիտ ու լուսաւոր ճամբայէն։ Ուրեմն յարուցեալ Քրիստոսն է, որ մեզ կրնայ հասցնել յաւիտենական ու ապահով նաւահանգիստը։ Որքան ալ փշոտ ու տառապալից ըլլայ այդ ճամբան՝ ապահով է։ Յաւիտենական կեանքի յոյսն է, որ մեր մէջէն կը վանէ ամէն տեսակ մոլութիւն ու մեզ կը վերածէ նորածին մանուկի մը։ Ամէն անգամ երբ Սուրբ Պատարագ մատուցուի, քահանան կը բարձրացնէ Քրիստոսի անապական մարմինը ներկայացնող բաղարջ նշխարը եւ կը յայտարարէ ի լուր համայն աշխարհին. «Սա՛ է կեանք, յո՛յս, յարութիւն, քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց»։ Որպէս նորածին մանուկներ պէտք է մօտենանք Քրիստոսի Մարմնին ու Արեան, որ այսօր ճաշակելու եկած ենք։

 

Սիրելի Ժողովուրդ,

Թող ձեր ուղիները Քրիստոսի դատարկ գերեզմանէն սփռուող Յարութեան լոյսի ճառագայթումով լուսաւորուի։ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան խորհրդով այսօր անգամ մը եւս զօրացած, ողջունենք զիրար՝ աւետելով.

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

 

Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց կազմի անդամները,  Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր վարժարաններու Հիմնադիրները, Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

 

Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

 

Ս. Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։ Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

 

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւննե¬րը կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

 

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ’առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

 

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. ամէն։

 

 

 

 

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ