ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՏԸԵԱՄԱՆԷՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 4 Օգոստոս 2014, Երկուշաբթի առաւօտ Ատըեաման մեկնած էր, իր հետ ունենալով Սատըք Պաքըրճրօղլուն։ Նորին Սրբազնութիւնը 5 Օգոստոս Երեքշաբթի վերադարձաւ Ստանպուլ։

Սրբազան Հայրը, այս այցելութեամբ մէկտեղուելու առիթը ունեցաւ Ատըեամանի Հայ համայնքի անդամներու հետ։ Քաղաքի Հայ համայնքի անդամները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, վայելելով Նորին Սրբազնութեան ներկայութիւնը։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ անոնք համայնքի անդամներն էին եւ բնական իրաւունքը ունէին ուսանելու համայնքային վարժարաններու մէջ։ Եօթը աշակերտներու ընտանիքները փափաք յայտնեցին իրենց զաւակները ուղարկել համայնքային վարժարաններ։ Աշակերտներէն չորսը պիտի ուսանին Գալֆաեան Տան, մին՝ Գարակէօզեան Տան, իսկ երկուքը՝ Ս. Խաչ Լիսէի մէջ։ Համայնքի անդամները ուրախութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար։