ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՏԸԵԱՄԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 4 Օգոստոս 2014, Երկուշաբթի առաւօտ ժամը 10.00-ի թռիչքով Ատըեաման մեկնեցաւ իր հետ ունենալով Քահթացի Սատըք Պաքըրճրօղլուն։

Սոյն այցելութիւնը ունի հովուական այցելութեան բնոյթ մը։ Նորին Սրբազնութիւնը, այստեղ մէկտեղուելու առիթը պիտի ունենայ Ատըեամանի Հայ համայնքի անդամներու հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարիներուն այս շրջանէն պատանիներ եւ երիտասարդներ, աշակերտած էին Գալֆաեանի եւ Ս. Խաչ Լիսէի մէջ։ Սրբազան Հայրը պիտի յիշեցնէ թէ, մեր համայքային վարժարանները միշտ պատրաստ են օժանդակելու մերազն ուսանողներուն, որպէսզի անոնք ծանօթանան իրենց լեզուին եւ կրօնքին։

Նորին Սրբազնութիւնը Երեքշաբթի ժամը 12.00-ին պիտի վերադառնայ Ստանպուլ։