ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԴԻՄԵՑ ԱՆԳԱՐԱ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 1 Մայիս 2014, Հինգշաբթի առաւօտ այցելած էր Անգարա, ուղեկցութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլույի եւ Գարակէօզեան Որբանոցի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։

Անոնք, ընդունուած էին Մեծայարգ Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ։ Այս ընդունելութեան ներկայ եղած էր նաեւ Վաքըֆներէ պատասխանատու Վարչապետի օգնական Պիւլէնտ Արընչ եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու։

Այս հանդիպման ընթացքին, օրակարգի եկած էր նաեւ Վաքըֆներու ընտրութեան հարցը եւ կանոնագրութեան յապաղումը եւ անոր պատճառած անհանգստութիւնը։ Պիւլէնտ Արընչ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօրմէ խնդրած էր, որ Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ եւ հսկողութեամբ պատրաստուի կանոնագրութիւն մը եւ անյապաղ ուղարկուի իրեն։

Այս զարգացումներու լոյսին տակ, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. հրաւիրելով բազմամարդ թաղերու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներն ու բարերարները Պատրիարքարան իրենց հետ ունեցաւ աշխատանքային ժողով մը։ Վերատեսութեան ենթարկուեցաւ նախապէս պատրաստուած աշխատութիւնները, որոնց հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ աշխատութիւն մը եւ ներկայացուեցաւ մեծայարգ նախարարին։