ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

«Չէ աստ, քանզի յարեաւ.
որպէս ասացն ձեզ.
եկայք եւ տեսէք զտեղին ուր կայր։»
(Մատթէոս 28.6)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Մեր անխախտ հաւատքն է, թէ Քրիստոս, Իր Սուրբ Յարութեամբը դատարկացուց Գերեզմանը, այլափոխեց անոր մահասփիւռ մթնոլորտը, ծաղկեցնելով մշտադալար կեանքի բուրումնաւէտ ծաղկունքը, որպէս նշան՝ նորոգուած կեանքի երջանկութեան։ Քաղցր է պահ մը կենալ ու Սուրբ Գերեզմանի անձայնութեան մէջ լսել բարձրաղաղակ յայտարարութիւնը մահուան վրայ տարուած յաղթանակի աւետիսին։

Հրեշտակաւանդ այս աւետիսը կու գայ մեզ հրաւիրել, որ մտածենք Հրէից Պասէքի եւ Ս. Յարու-թեան տաղաւարի մասին, լաւագոյնս թափանցելու համար եզակի եւ անկրկնելի հրաշքին՝ Ս. Յարութեան կենսանորոգ զօրութեան։ Այդ հրաշքը յայտնուեցաւ շաբթուան առաջին օրը, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ որպէս մեռեալ գերեզման դրուած Քրիստոս, Իր աստուածային զօրութեամբ, յարութիւն տուաւ Իր իսկ մարմնին։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Հայ Եկեղեցին Ս. Զատկի առաւօտուն կþերգէ Տարսոնի Եպիսկոպոս Ներսէս Լամբրոնացիի բառերով. «Այսօր զՊասէք չարչարանացն ելից Իսրայէլի փոխեցեր, ի փրկութիւն հոգւոց զատիկ Սուրբ Յարութեամբ քո Քրիստոս»։ Սրբազան շարականագիրը արդէն իսկ կը բացայայտէ Հին եւ Նոր Ուխտի երկու տօներուն տարբերութիւնը։ Հին Ուխտի ժողովուրդը գերութենէն, անարգական վերաբերմունքէն, տառապանքէն, ցաւէն, տրտմութենէն, վայրապար ու տաժանակիր աշխատանքէն դուրս եկաւ Մովսէս Մարգարէի առաջնորդութեամբ։ Յիրաւի այդ ելքը Իսրայէլի ժողովուրդին  պարգեւեց մարմնական փրկութիւնը, սակայն Մովսէս հեռուէն միայն տեսաւ աւետեաց երկիրը եւ իր կեանքի օրերը կնքեց։ Իսկ Քրիստոս, որուն մասին Մովսէս գրած էր, եկաւ «զհինն ի նորս փոխելու, զստուերն ի լոյս ճշմարտելու», «Օրէնքը եւ մարգարէութիւնները լրացնելու» (Մատթ. 5.18) առաքելութեամբ։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին «Սողոմոնէն եւ Յովնանէն ալ մեծ էր» (Ղուկ. 11.31-32), որ ի տարբերութիւն Մովսէսի, ոչ միայն քարոզեց նոր կեանքի սկզբունքները, այլ նաեւ մեղքի ծովը Սուրբ Խաչի նշանով բաժնելով, առաջնորդ եղաւ մեղաւորին, անոր առջեւ բանալով օրհնեալ բերրի արահետ մը, նաեւ յաւիտենական կեանքի դուռը։ Քրիստոս, Իր անկրկնելի Ս. Պատարագին միջոցաւ հոգիները ազատեց մեղքի կապանքներէն, ի վերայ այսր ամենայնի Իր հրաշափառ Ս. Յարութեամբ աւետեց անմահութեան գաղափարի ճշմարտութիւնը։

Քրիստոսի երկրաւոր կեանքը, սկսեալ՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա, ուխտագնացութիւն մըն է, հուսկ պսակուած՝ կատարեալ յաղթանակով։ Մենք եւս հրաւիրուած ենք ապրելու յաղթանակի պսակին հասնելու տեսլականով։ Հրաւիրուած ենք ուխտագնացութեան մը, որուն ընթացքին մեր ապաւէնը պիտի ըլլայ Յարուցեալ Փրկիչը։ Հրեշտակը մեզ կը հրաւիրէ «երթալ եւ տեսնել այն տեղը ուր դրուած էր Քրիստոսի անշնչացած մարմինը»։ Երբ ընդառաջենք այս կանչին եւ երթանք Ս. Գերեզման, հոն պիտի տեսնենք մէկ կողմ գլորած մեծ քարը, քահանայապետի լուծուած կնիքը, եւ նուաղած, մեռելի պէս եղած պահապան զինուորները, որոնք մեզի կը ներկայացնեն աշխարհի մատնուած անզօրութիւնը, հանդէպ՝ Աստուածային զօրութեան։ Հրեշտակին հրաւէրը, իսկութեան մէջ կանչ մըն է ամրանալու՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Այդ ամրութեամբ քալենք, աղօթելով Սաղմոսաց Գիրքի բառերով. «Երանի աստուածավախ մարդոց, անոնց, որոնք Տիրոջ կամքին համաձայն կþապրին։ Եթէ դուն այսպէս ապրիս՝ աշխատանքիդ արդիւնքը պիտի վայելես, երջանիկ պիտի ըլլաս եւ բարի օրեր տեսնես։ Տէրը Սիոնէն թող օրհնէ քեզ. Երուսաղէմին բարօրութիւնը տեսնես կեանքիդ բոլոր օրերուն» (Սաղմ. 128/127.1-2, 5)։

Երբ կþամրանանք հաւատքով ու կը քալենք Աստուծոյ խոստացած օրհնութեան հասնելու ակնկալութեամբ, ոչ միայն կը լսենք, այլեւ կþըմբռնենք եւ կþիւրացնենք Քրիստոսի պարապ Գերեզմանէն քարոզուած անմահութեան գաղափարը։ Սուրբ Գերեզմանը կը շարունակէ յայտարարել, թէ Քրիստոս ի կեանս է եւ ընդ մեզ՝ յաւիտեան։ Մխիթարութեան կարի՞քն ունինք, դիմենք յարուցեալ Քրիստոսին։ Կը տառապի՞նք մենք զմեզ լքուած զգալով. նայինք Ս. Գերեզմանին, որ կը շարունակէ յիշեցնել Աստուծոյ նախախնամութիւնը եւ տարփողել՝ թէ Աստուած որքան կը սիրէ մեզ։ Տարակուսանքի մէջ կը տուայտի՞նք. պարապ գերեզմանը կու գայ փարատել երկմտութեան ախտը։

Երբ կը ցանկանք հասնիլ Քրիստոսի աւետած յաւիտենական կեանքի երջանկութեան, ի մտի պէտք է ունենանք թէ «որքան անձուկ է դուռը եւ նեղ՝ ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի» (Մատթ. 7.14) եւ մենք կանչուած ենք «կցորդուիլ Քրիստոսի չարչարանքներուն որպէսզի հաղորդակից կարենանք ըլլալ նաեւ իր փառքին» (Հռովմ  8.17)։

Փառք Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդը հաւատացած է յարութեան ճշմարտութեան եւ այդ հաւատքին խոստովանութեամբ քալած է, յիրաւի չարչարակից ըլլալով Փրկչին։ Յարութեան հաւատքն է, որ մեր ժողովուրդին մէջ հրաշքներ կերտած է։ Ցարդ, կը վայելենք յարութեան հաւատքին պտուղները։ Այսօր մեզի համար քաղցր հրամայական է հաւատարիմ մնալ մեր պապերուն կեանքի օրինակին եւ բարձր պահել Քրիստոսի Ս. Յարութեան հաւատքը։ Երկինք եւ երկիր պիտի անցնին բայց Քրիստոսի խօսքերը պիտի չանցնին (Ղուկ. 21.33)։ Անանց Կեանքի Խօսքին կարիքն ունինք այսօր, աւելի քան երբեք։ Առաքելաւանդ եւ Լուսաւորչաւանդ Կեանքի Խօսքին պտղաբերումն է, որ օրհնութիւն պիտի բերէ մեր ժողովուրդին։ Բոլորս կանչուած ենք այդ հաւատքը ապրելու, ապրեցնելու եւ այդ հաւատքին բերած օրհնութեամբ առատանալու։ Մենք չունինք այլընտրանք։ Այլընտրանքներ որոնելու ճանապարհին, պէտք է միշտ ի մտի ունենանք մեր մկրտութեան ուխտը եւ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի հեռու մնանք ուխտադրժութեան մեղքի ճիրաններէն։ Ամէն օր պէտք է ապրինք Քրիստոսի Ս. Յարութեան ուրախութիւնը ըսելով. «Փառք Քրիստոսի հրաշալի Ս. Յարութեան»։

Ինչպէս միշտ, Քրիստոսի  Ս. Յարութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ իբրեւ նշան հաւատքի միութեան հաւատացեալներ եւս կու գան միանալ մեզի, ապաւինելով աղօթքի զօրակցութեան։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ համայնքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, նաեւ աղօթելու կարգին մեր հաւատքը գործնականի վերածելով օժանդակենք իրենց, բերելով մեր սրտաբուղխ նուէրները։ Աղօթենք նաեւ Սուրիոյ բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Ս. Յարութեան լոյսով լուսաւորուած ապրինք Զատկական ուրախութիւնը, գօտեպնդուինք իրարու եւ զիրար ողջունենք աւանդական աւետիսը տարածելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարին առիթով օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կþողջունենք մեր Սրբազան եղբայրները, Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի անդամները, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած Զգեստներու եւ Իրեղէններու Վերարժեւորման Յանձնախումբի անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Տնօրէններն ու Հիմնադիրները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, մեր համայնքային հաստատութեանց ազնիւ բարերարները, Ստանպուլի, Անատօլուի եւ Կրետէ Կղզիի համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին Ս. Զատկի երջանիկ տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Ս. Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին ու որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը, եւ իր անձին մէջ Մայր Աթոռի ողջ Միաբանութիւնը եւ այս առթիւ կը հայցենք, Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Ի Քրիստոս սիրով եւ նոյն հոգեւոր ուրախութեամբ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Կաթողիկոսութեան Միաբաններուն։

Եղբայրական սիրով մեր տօնական շնորհաւորութիւնները կþուղարկենք Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքին ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններուն։

Եղբայրական ողջոյնով եւ տօնական յուսալից աւետիսով կը շնորհաւորենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունենք եւ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Հայրական սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կþառաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Սիրով ի Քրիստոս,

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ