ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

dzununt«Դու ես Որդի իմ սիրելի,
ընդ քեզ հաճեցայ»
(Մարկոս Ա.11)

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս արժանացանք վայելելու Աստուածայայտնութեան տաղաւարի ուրախութիւնը։ Բարեպաշտ ու հաւատացեալ Քրիստոնէի համար, ի յառաջագունէ գոյ Բանին Աստուծոյ մարդեղութիւնը, մեծ կարեւորութիւն ունի։ Հաւատքը, Աստուծոյ փրկարար զօրութեան նկատմամբ սնուցուած վստահութիւնը կը բանայ եւ կþընդլայնէ մարդուն միտքին հորիզոնները, որով Աստուծոյ արարչագործ Խօսքին, մարդկային մարմնով յայտնութիւնը կþընկալուի որպէս անյեղլի ճշմարտութիւն, ընկալում մը՝ որ հետզհետէ արմատանալով կը վերածուի հաւատքի վկայութեան մշտադալար ծառի մը, լի՝ կենսաւէտ պտուղներով։ Խաչատուր Տարոնացի վարդապետին բառերով «Խորհուրդ խորին, անհաս եւ անսկիզբն» է Քրիստոս։ Ան, առհաւատչեան է մեղաւոր մարդուն փրկութեան եւ Աստուծոյ հետ հաշտութեան, միակ միջոցը՝ վերստին  հագնելու անմեղութեան, արդարութեան պատմուճանը եւ հասնելու՝ յաւիտենական երջանկութեան, որպէս վերանորոգուած «պատկեր Տիրական»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Բեթղեհէմի մսուրը մեզի կը ներկայացնէ Քրիստոնեայ ընտանիքներուն տիպարը, որ է «Սուրբ Ընտանիք»ը. Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ։ Մարիամ՝ հաւատացեալ ու բարեպաշտ կոյս մը, որ անսպասելիօրէն իր դէմը գտաւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը, որ արտայայտուեցաւ անհասկնալի եւ անըմբռնելի խորհուրդի մը մասին։ Մարիամ, «պիտի յղանար եւ որդի մը պիտի ծնէր եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնէր։ Ան մեծ պիտի ըլլար եւ Բարձրեալի Որդի պիտի կոչուէր…Սուրբ Հոգին պիտի գար անոր վրան եւ Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլար իրեն. այն որ իրմէ պիտի ծնէր Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուէր» (Ղկս. 1.31,35)։ Յովսէփ, արհեստով հիւսն՝ պատուաւոր մարդ, նշանածը Մարիամի։ Տիրոջ հրեշտակը յայտնուեցաւ նաեւ այս պատուախնդիր շինականին, որ կը մտածէր յղացեալ վիճակի մէջ գտնուած իր խօսեցեալը արձակել առանց աղմուկի. «Յովսէփ, Դաւիթի որդի Մի վախնար Մարիամը քովդ առնելէ, որովհետեւ ան՝ որուն մայրը եղած է ան, Սուրբ Հոգիէն է։ Պիտի ծնի որդի մը, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես. Ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը՝ իրենց մեղքերէն» (Մտթ. 1.20-21)։

Աստուծոյ, իր հրեշտակին միջոցաւ փոխանցած պատգամները, իսկութեան մէջ յայտարարութիւններ էին թէ՝ ո՞վ էր Քրիստոս. նաեւ կը բնութագրէին Քրիստոսի առաքելութիւնը։ Աստուծոյ հրեշտակը երեւեցաւ նաեւ Յիսուսի ծննդեան պահուն Բեթղեհէմի հովիւներուն. «Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ օծեալ Տէրն է» (Ղկս. 2.11)։

Այս բոլորին վրայ Ս. Աւետարանէն կը կարդանք վկայութիւն մը, որ լրումն էր հրեշտակներու միջոցաւ փոխանցուած պատգամներուն։ Այդ վկայութիւնը նոյնինքն Հօր Աստուծոյ ձայնն էր, որ յաղթելով Յորդանանի ջուրերու հոսանաց ձայնին, բարձրաղաղակ կը յայտարարէր ըսելով. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաճեցայ» (Մրկ. Ա.11)։
Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը անջնջելի կնիք մըն է, նաւաբեկութենէ փրկող՝ լուսաւոր փարոս մը։ Դարեր շարունակ զանազան հոսանքներ, առ ոչինչ համարեցին այդ կնիքը, մերժեցին Աստուծոյ սիրելի Որդին, եւ տակաւին ալ փոքրաթիւ չեն անոնք որոնք կը շարունակեն մերժել։ Սակայն Քրիստոս, առանց նկատի ունենալու այդ բոլորը, կը մնայ նոյնը, եւ կը շարունակէ «հոգնածները իր քով կանչել, անոնց հանգիստ խոստանալով» (Մտթ. 11.28)։

Աստուծոյ սիրելի Միածին Որդին կը բաղխէ դուռը, որպէսզի գայ եւ բնակի ու յեղաշրջէ ապականած կեանքի գնացքը, վերանորոգէ զգացումները, բուժէ աշխարհի հոսանքէն քշուածներու կուրացած աչքերը, դարմանէ մեղքի վէրքերը։ Երանելի են անոնք, որոնք հաւատքով լայն կը բանան իրենց սրտերը հիւրասիրելու եւ մեծարելու համար Աւետարանի կենարար խօսքը։ Սակայն ցաւալի իրողութիւն է, թէ սակաւաթիւ չեն անոնք, որոնք լսելով հանդերձ դրան բաղխումի ձայնը, յաճախ կը դժուարանան դուռը բանալ եւ կեցութեան տեղ պատրաստել, իրենց ոտքը եկած Փրկութեան Աւետիսին։

Աստուծոյ սիրելի Որդին իր քով կը հրաւիրէ մանուկները՝ մեր զաւակները «Թոյլ տուէք մանուկներուն եւ մի արգիլէք զանոնք որ ինծի գան» ըսելով (Մտթ. 19.14)։ Ծնողներ, դժբախտաբար շատ անգամ մեծաւ մասամբ կþանտեսեն այդ հրաւէրը։ Անոնք ոչ միայն հեռու կը մնան Քրիստոսէ, այլ նաեւ պատճառ կը դառնան, որ իրենց զաւակները զրկուին Քրիստոսի օրհնութենէն։ Աստուծոյ վկայութիւնը կու գայ վստահութիւն ներշնչել բոլոր ծնողներուն։ Երանի լսողաց եւ հետեւողաց։ Քրիստոսէ օրհնուած մեր զաւակները, առողջ ապագան կը կերտեն Եկեղեցիին։ Անոնք որոնք եկեղեցւոյ ծառայողներու, ի մասնաւորի հոգեւորականներու թիւին նուազումին ի տես դժգոհութիւն կը յայտնեն, պէտք չէ մոռնան, թէ եկեղեցւոյ սպասաւորները կþելլեն Քրիստոսի օրհնութեամբ սնած ընտանեկան յարկերուն մէջէն։ Քրիստոսի առաքելութեան իմաստին, եկեղեցւոյ կարեւոր դերին հաղորդ անձեր միայն կրնան զգալ Աստուծոյ գործին ծառայելու կոչումը եւ բոլորով սրտիւ նուիրուիլ՝ եկեղեցւոյ պայծառութեան, եւ հաւատացեալներու մխիթարութեան։
Աստուծոյ Միածին Որդին կը բաղխէ մեր երիտասարդներուն դուռը։ Զանոնք կը հրաւիրէ, որ իրենց խանդն ու կորովը օգտագործելով, հետամուտ ըլլան արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան, սրբութեան, Աստուծոյ փառքին, նման բոլոր անոնց, որոնք մաքուր սիրտով Տիրոջ կþաղօթեն եւ ինչո՞ւ չէ հետեւելով անոնց օրինակին, նուիրուին եկեղեցւոյ ծառայութեան, սատար հանդիսանալով մեր եկեղեցւոյ բարգաւաճման։

Աստուծոյ սիրելի Որդին կը բաղխէ բոլորիս դռները։ Իր Անձը ներկայացնելով որպէս «ոչխարներու դուռ» եւ կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի «Իր դուռը բաղխենք» եւ այդ դռնէն  «մտնենք եւ ելլենք ու ճարակ գտնենք. կեանք ունենանք եւ աւելի եւս ունենանք» (Յվհ. 10.9-10)։ Մեղաւոր մաքսաւորին հետ սեղան բազմող Աստուծոյ սիրելի Որդին կը փափաքի մեզի սեղանակից ըլլալ եւ հրաւիրել՝ մեր թերութիւնները, սխալները սրբագրելու, միշտ պատրաստ ըլլալով «մեր տան վրայ հասած փրկութիւն»ը յայտարարելու (Ղկս. 19.5,9)։
Աստուծոյ սիրելի Որդիին առաքելութիւնը իր մէջ կը խտացնէ աշխարհին յաղթելու գաղափարը։ Այդ յաղթանակի պսակը կարելի է շահիլ հաւատալով, թէ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին։ Յովհաննէս Առաքեալ վեր առնելով Աստուծոյ՝ «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաճեցայ» վկայութիւնը, կը թելադրէ հաւատալ այս ճշմարտութեան, որպէսզի զԱստուած ստախօս հանելու մեղքին մէջ չիյնանք (Ա. Յովհ. 5.6-12)։

Աստուածայայտնութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ հաւատացեալներ ինչպէս միշտ, այս առիթով եւս կու գան միանալ մեզի, ցուցաբերելով աղօթքի զօրակցութիւն։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ համայնքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարը, առիթ մը ըլլայ բանալու խցուած եւ խլացած ականչները Հօր Աստուծոյ վկայութեան։ Սիրենք մսուրի մը խոնարհութեան մէջ աշխարհ եկած Աստուածային Փառքը, սիրենք Աստուծոյ սիրելի Որդւոյն յայտնութիւնը, որպէսզի մեր առջեւ բաց գտնենք ողորմութեան դուռը, որմէ ծագած փրկութեան լոյսով լուսաւորուած արժանանանք յաւիտենական կեանքի անմահութեան։ Այս երջանկութեան հասնելու յոյսով ողջունենք զիրար ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօնին առիթով օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Սրբազան եղբայրները, Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի անդամները, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած Զգեստներու եւ Իրեղէններու Վերարժեւորման Յանձնախումբի անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, մեր համայնքային հաստատութեանց ազնիւ բարերարները, Ստանպուլի, Անատօլուի եւ Կրետէ Կղզիի համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին ու որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը, եւ իր անձին մէջ Մայր Աթոռի ողջ Միաբանութիւնը եւ այս առթիւ կը հայցենք, որ Նորին Սրբութիւնը եւս շարունակէ աղօթել Նորին Ամենապատուութիւն Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։
Նոյն հոգեւոր ուրախութեամբ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Կաթողիկոսութեան Միաբաններուն, Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարքին ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններուն։
Եղբայրական ողջոյնով կը շնորհաւորենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի, տօնական յուսալից աւետիսով։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Հայրական սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եո Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Սիրով ի Քրիստոս,

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ