ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

«…բայց մի ինչ է՝ զի զառ ի յետոյսն մոռացեալ է, եւ ի յառաջադէմսն նկրտեալ եմ։»

(Փիլիպեցիս, 3.13)

Ամանոր է դարձեալ։ Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ շնորհեց տարի մը եւս անցընել մեր երկրաւոր կեանքի մատեանին մէջ իր ուրախ եւ տխուր երեսակներով։ Գոհութիւն եւ փառք մեր Երկնաւոր Հօր, որ այս տարի եւս մեր վրայ տարածեց նախախնամական Սուրբ Աջի հովանին եւ մենք հասանք այն աւանդական հանգրուանին, ուր զիրար կ՚ողջունենք բարեմաղթութիւններով։ Այս բարեմաղթութիւններէն մին միւսին կը յաջորդեն։ Ուրախութիւն մը բաժնելու լաւ միջոց է սա։ Սակայն հարցը այն է, թէ այս բարեմաղթութիւնները կեանքի թոհուբոհին մէջ յօդս կը ցնդին շատ ան-գամ։ Կը մնան որպէս խօսք, անզօրութեան մատնուած։ Խօսքը կեանքի վերածելու տրամադրութիւնը կարեւոր է բոլորիս համար։ Խօսքը գործի փո-խակերպելու նախապայմանն է ձերբազատուիլ մեր ձեռքերն ու ոտքերը կապող կապանքներէն, որոնք արգելքներ են դէպի լաւը, լաւագոյնը եւ կատարեալը հասնելու մեր ձգտումներուն։

Երբ կը ցանկանք կեանքի կոչել մեր բարեմաղթութիւնները, պարտինք նայիլ դէպի ապագայ առանց ետդարձ ընելու։ Պէտք է ի մտի ունենանք, թէ այս ճանապարհորդութեան ընթացքին կրնանք դժուարութեանց բաղխիլ կամ դէմ յանդիման մնալ կեանքի զանազան անբաղձալի երեւոյթներուն հետ, ժխտական ազդակներ կրնան խոչընդոտել մեզ, սակայն ի տես այդ բոլորին պէտք չէ ընկրկինք եւ վճռակամութեամբ շարունակենք ընթանալ առանց կորսնցնելու մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։

Բոլորս կը պատրաստուինք ողջունելու Տիրոջ Շնորհաց 2017 տարին։ Աստուած մեզի տարի մը եւս կը շնորհէ, որպէսզի մեր կարողութեան չափով զայն արդիւնաւորենք Իր Փառքին եւ Իր գործը կատարելու համար։ Կը տեսնենք ու կը զգանք, թէ կեանքը վաղանցուկ է։ Տարիներ անզգալիօրէն ի-րենց վերջալոյսին կը հասնին։ Հետեւաբար ի տես այս ճշմարտութեան, մեր գործելու կարողութիւնը պարտինք առաւելագոյն չափով արժեւորել, միշտ աւելին կատարելու ձգտումով, բնականաբար ի փառս Աստուծոյ եւ յօգուտ մարդկութեան։

Ամանորի մեր աւանդական տօնակատարութեանց առընթեր եթէ կը կամենանք դէպի լաւագոյնը ձգտիլ, նախ պարտինք ըմբռնել գնայուն եւ մնայուն արժէքներու տարբերութիւնը։ Այս տարբերութիւնը ըմբռնելու համար մեր աչքերը կը սեւեռենք Սուրբ Գիրքին, որ ինչպէս միշտ, այս պարագային եւս կը յայտնուի կարեւոր յիշեցումներով։ Պօղոս Առաքեալը որ տեսած էր, թէ մնայուն արժէքը կը կայանար Քրիստոսի մէջ, յստակ կերպով կը խոստովա-նէր թէ՝ «…ինքզինքը կատարելութեան հասած չէր նկատեր եւ այս առումով ալ ետեւ մնացած բաները մոռցած, կը ձգտէր իր առջեւ եղած բաներուն» (Փիլիպեցիս, 3.12-13)։

Կը հրաւիրուինք ճանչնալ Քրիստոսը եւ զայն բազմեցնել մեր կեանքի օրերու նախաթոռին վրայ եւ սրտեռանդն փարիլ Իրեն, հաւատքով, յոյսով եւ սի-րով առլցուն։ Այդ ենթարկութիւնն է, որ պիտի հասունցնէ մեզ։ Հասուննալով, լաւագոյնս կրնանք հասկնալ եւ ըմբռնել Քրիստոսի զօրութիւնը։ Այդ զօրութիւնն է, որ հիմնական փոփոխութիւններով կրնայ պայծառազարդել մեր կեանքի օրերը, մեզ յաւիտենական երջանկութեան հասցնելու խոստու-մով։ Որքան դիպուկ է Քրիստոսի պատասխանը, առտնին գործերով զբաղած եւ անոնցմով մտահոգ Մարթայի, որուն քոյրը Մարիամ Յիսուսի ոտքե-րուն առջեւ նստած, Անոր խօսքերուն կ՚ունկնդրէր. «Դուն կը մտահոգուիս եւ շատ բաներով զբաղած ես, բայց այստեղ քիչ բան պէտք է։ Մարիամ ընտ-րեց լաւ մասը, որ իրմէ պիտի չառնուի» (Ղուկաս, 10.38-42)։ Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի խօսքը իսկութեան մէջ հրաւէր մըն է ուղղուելու մնայու-նին, մանաւանդ՝ բոլոր անոնց, որոնք առօրեայ տաղտուկներէ տարուելով Աստուծոյ նկատմամբ անտարբեր կեցուածք կ՚որդեգրեն։ Ամանորը լաւա-գոյն առիթն է յիշելու, թէ ի՞նչ են մեր կեանքի առաջնահերթութիւնները, որոնք պիտի կարենան մեզի ապահովել մնայուն եւ իրաւ երջանկութիւնը։ Որ-պէսզի այդ կարենանք ընել նախ եւ առաջ պէտք է հրաժարինք սխալ նախապատուութիւններէ, որոնք պատուարներ կը կանգնեն մեր եւ Աստուծոյ մի-ջեւ։ Իրաւ է թէ՝ կրնանք շատ բաներ ընել։ Սակայն կարեւորը ընելն է այն, զոր պէտք է ընենք ի փառս Աստուծոյ եւ այդ պիտի կարենանք ընել միայն զեղ-չելով շատ բաներէն ոմանք։ Հոգեւոր առումով պայքար մը գոյութիւն ունի մեր կեանքէն ներս։ Այդ պայքարէն Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթական դուրս գալու համար պարտինք հակուիլ Աստուծոյ կողմը եւ «ոչ» ըսել այն բոլոր բաներուն, որոնց մարդկային տկարութեամբ «այո» կ՚ըսենք։ Նայինք մեր նպատակակէտին, որ է յաւիտենական կեանքը։ Քրիստոս մեզի կու տայ բանալին. «Յաւիտենական կեանքը այս է՝ որ ճանչնան Քեզ միակ ճշմարիտ Աս-տուած, եւ ճանչնան Յիսուս Քրիստոսը զոր դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս, 17.4)։ Այդ ճանաչումը կը սկսի եւ կը զարգանայ Սուրբ Գրքի ամենօրեայ հե-տեւողական ընթերցումով, որով հաղորդ կը դառնանք Աստուծոյ կամքին մեր առաջնահերթութիւնները առողջ հիմերու վրայ հաստատելու համար։ Այս Ամանորին Դաւիթ Մարգարէի աղօթքին բառերով ընթանանք, հասնելու համար մնայուն արժէքներու եւ առատանալու՝ անոնց մէջ. «Մէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէ, եւ սա է աղաչանքս. Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ, ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը։ Նեղութեան ժամանակ իր յարկին տակ պիտի պահէ զիս, իր տաճարը զիս պիտի պատսպարէ, ամուր ժայռի վրայ պիտի կանգնէ զիս» (Սաղմոսք, 27.4-5)։

Ամանորեան ուրախութեամբ, աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի ի հանգստեան կոչեցեալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը փրկէ «յամենայն որոգայթից հոգւոյ եւ մարմնոյ» ու բժշկութիւն պարգեւէ Իր ամենաբաւական ողորմութեամբը։ Մեր հանապազօրեայ աղօթքներէն բաժին կը հանենք նաեւ մեր երկրի անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն, մանաւանդ իշխանաւորներուն։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ քաջառողջ եւ բարօր կեանք, հեռու ամէն տեսակի չար պատահարներէ։

Քրիստոնէական առաքինութիւն է մտաբերել նաեւ համայն աշխարհի տառապեալները առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Աստուծոյ նախախնամութիւնը թող տարածուի անխտիր բոլորին վրայ։ Ամենակալ Աստուծմէ կը հայցենք, որ բոլորին պարգեւէ համբերութիւն, հաւատքի տոկունութիւն, որպէսզի մեղմանան իրենց ցաւերն ու տառապանքները, մխիթարուին բոլոր սգաւորները ու դադրին իրենց լացը։ Մեր յոյսն է, որ մարդիկ երբ կը կամենան խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ, ամէն տեսակի անհամաձայնութիւններ կրնան չքանալ եւ կարելի կ՚ըլլայ հաստատել սիրոյ, եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան միջավայր մը։

Ամանորի առթիւ հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր անդամները անխտիր, բոլորին մաղթելով քաջա-ռողջ կեանք, լի՝ Աստուածային շնորհներով։

Աստուծոյ շնորհքը, սէրը եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն։