ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ  ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ  ԽՆԴՐԱԳԻՐԸ  ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Ծանօթ է մեր հասարակութեան թէ,  26 Հոկտեմբեր 2016ին գումարուած Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչած եւ Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս թափուր յայտարարած էր։ Նոյն ժողովին մէջ որոշուած էր, նաեւ Նորին Ամենապատուութեան հանգստեան կոչուելու պարագաները, նաեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան խնդրանքը ներկայացուէր պետական պատկան մարմիններուն։

 

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի տնօրինութեամբ պատրիարքական ընտրութեան խնդրագիրը երէկ միջօրէին յանձնուեցաւ Ստանպուլի Կուսակալութեան, առ ի տնօրինութիւն պատշաճին։

 

Խնդրագրին ներփակեալ ներկայացուեցան նաեւ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակին մասին տրուած բժշկական տեղեկագրերը, ինչպէս նաեւ իրեն համար խնամակալ կարգուած ըլլալու դատական որոշմնագիրը։

 

Նոյնպէս սոյն խնդրագրին մէջ հաղորդուեցաւ նաեւ 15 Մարտ 2017ին գումարուած Եկեղեցական Համագումար Ժողովին կատարուած Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան արդիւնքը։

 

Տեղեկութիւն տրուեցաւ նաեւ, թէ ի զօրու օրինական տրամադրութեանց, մեր աւանդական կանոններու ու հնամենի սովորութեանց համաձայն իրագործելի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին համար պիտի ձեռնարկուէր Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի կազմութեան եւ կազմելի Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներու ցանկը պիտի ներկայացուէր Կուսակալութեան, առ ի տնօրինութիւն պատշաճին։