ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ Ս. ԱԹՈՌԸ 544 ՏԱՐԵԿԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

41Հայ Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ս. Աթոռոյնհիմնադրութեան 544-րդ տարեդարձը 14 Մայիս 2005 Շաբաթ, ժամը 16.00-ին նշուեցաւ Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ,Պատրիարքարանի շքամուտքէն կազմուած շքեղթափօրը ժամը 16.15ին մուտք գործեց ԱթոռանիստՄայր Եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ հանդիսաւորերեկոյեան ժամերգութիւն։ Ներկայ էին Աթոռոյս վեղարաւոր միաբան հայրերը, քահանայից ուսարկաւագաց դասերու անդամները։ Արարողութեանհետեւեցան բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդը եւհամայնքային հաստատութեանց  ներկայացուցիչներ։Կանոնական ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւՊատրիարքական Աթոռոյ մաղթանք։

Ապա քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հակիրճ բացատրութիւններով Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետականաթոռներու հիմնադրութեան պարագաներուն եւպատմութեան մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններտուաւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը յատկապէս ծանրացաւՊոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեանվրայ։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքին մէջ հոգեւոր ներշնչումիեւ կոչումի վրայ շեշտ դնելով, մանաւանդերիտասարդները հրաւիրեց աւելի զգաստ ըլլալ մերեկեղեցիին եւ հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ։

Քարոզէն ետք կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան ԿարգՊատրիարքական Աթոռի բոլոր հանգուցեալ հոգեւորսպասաւորներուն եւ բարերարներուն հոգիներուն իհանգիստ, եւ ապա հոգեւորականաց դասը «Կենդանարար Աստուած, մարդասէր Հոգի» շարականիերգեցողութեամբ Պատրիարքարան  առաջնորդեցինՆորին Ամենապատուութիւնը։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին բոլորներկաները հաւաքուեցան Պատրիարքարանիպարտէզը սարքուած տօնական սեղաններու շուրջ։