ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 30 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ օդային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի հրաւէրով եւ յանուն համայնքին մասնակցութիւն բերաւ Յաղթանակի Տօնին առթիւ ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ, Նախագահական Պալատին մէջ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը վսեմաշուք նախագահին փոխանցեց Աթոռոյս ու մեր համայնքին շնորհաւորութիւնը։

 

Իսկ Ստանպուլի մէջ տեղի ունեցող ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցութիւն բերին Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ու Պատկ. Կրօն. Ժող. անդամ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայային ու Ստանպուլի Աւագանիին փոխանցեցին Աթոռոյս շնորհաւորանքը։

30 AGUSTOS 2019

Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ ընկերակիցները նոյն գիշեր վերադարձան Ստանպուլ։