ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 1 Հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի օդային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Փրօֆ. Տօքթ. Մուսթաֆա Շէնթօփի հրաւէրով եւ յանուն համայնքին մասնակցութիւն բերաւ Ազգային Մեծ Ժողովի բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ժողովական Դահլիճին մէջ։ Ժամը 15.00-ին բացումը կատարեց Փրօֆ. Տօքթ. Մուսթաֆա Շէնթօփ ապա Իր խօսքը արտասանեց՝ Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան։

2019 MECLIS ACILISI

Իսկ երեկոյեան ժամը 19.00-ին նոյն առթիւ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը յանուն համայնքիս շնորհաւորեց թէ՛ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահը եւ թէ՛ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահը եւ միջոց մը զրուցեց իրենց հետ։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ Ստանպուլ։