ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան,27 Յուլիս 2017, առաւօտ կը մեկնի Մարսէյլ, ուրկէ պիտի անցնի նաեւ Գէրմանիա։ Նորին Սրբազնութիւնը նախապէս առնուած ժամադրութեանց համաձայն պիտի ունենայ հանդիպումներ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը 8 Օգոստոս, Երեքշաբթի երեկոյեան պիտի վերադառնայ քաղաքս։