ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓՐՕՖԷՍԷՕՐ ՏՔԹ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

23559498_859231000903451_9017909223325102145_nՀամայնքային շրջանակներէ ներս, վերջին օրերուն մեծ ուրախութեան պատճառ եղաւ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի Փրօֆէսէօրութեան աստիճանի բարձրացումը։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, այս առթիւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորեց Փրօֆէսէօր Տքթ. Ալճանը, թարգման հանդիսանալով Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներուն, մեր Հոգեւորականաց Դասուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին հրճուանքի արդար զգացումներուն։

Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Անսահման ուրախութեամբ տեղեկացանք, թէ Դուք արժանացած էք բարձրանալ փրօֆէսէօրի բարձրագոյն պատիւին։ Այսպէսով Դուք կու գաք միանալ անցեալին նոյն պատիւին արժանացած մեր պատուական ակադեմական բարձրագոյն տիտղոսաւոր զաւակներու շղթային։
Ձեր ստացած այս պատիւը նախ կու գայ մասնաւորապէս տարածուիլ Ս. Խաչ Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին, որուն երդիքին տակ ստացած էք Ձեր ուսման կարեւոր մէկ շրջանը, պատրաստուելով համալսարանական կեանքի։ Այս պատիւը, սեպհականութիւնը կը դառնայ նաեւ մեր համայնքին, որուն ծոցէն հասած էք, ըլլալով միշտ հաւատարիմ մեր երկրին՝ Թուրքիոյ արժէքներուն, նաեւ մեր համայնքային կեանքի նուիրականութեանց։

Մենք վստահ ենք թէ, Դուք որպէս քաջ գիտնական ու քաջավարժ դասախօս Ձեր կարեւոր ներդրումը պիտի բերէք համալսարանի ամպիոնէն, ոչ միայն աշակերտներ հասցնելով, այլ նաեւ առաջնորդ հանդիսանալով ակադեմական աշխատանքի լծուած շրջանաւարտներուն»։