ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ Տ. ՄԻՒՌՈՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՅՎԱԶԵԱՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Muron Avak Kahana (1)Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Աւագերէց Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան, ներկայիս Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասուն երիցագոյն անդամն է։ Իր ձեռնադրութեան քառասնամեակի սեմին, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, յարմար նկատեց Տէր Հօր վաստակը գնահատել օրհնութեան գիրով։

Muron Avak Kahana (2)Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանն ու Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 23 Նոյեմբեր 2017, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին այցելեց Տէր Հօր բնակարանը։ Հոգեւոր հայրեր, փոխանցելով Տեղապահ Սրբազան Հօր ողջոյնները, յայտնեցին թէ՝ Տէր Հօր բազմամեայ ծառայութիւնը կը գնահատուէր օրհնութեան գիրով։ Այնուհետեւ, Սահակ Սրբազան ընթերցեց Օրհնութեան Գիրը եւ յանձնեց Տէր Հօր։ Միւռոն Աւ. Քահանան, մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած մերձեցման համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան եւ բոլոր հոգեւոր եղբայրներուն, որոնք կը յիշէին Տէր Հօր վաստակը։ Տէր Հայրը յայտնեց նաեւ թէ, անհանգտութեան օրերուն, այս գնահատանքը որպէս մխիթարութիւն պիտի ընդունէր։ Մտերիմ զրոյցի ընթացքին, հիւրեր Տէր Հօր զօրակցութիւն յայտնեցին։ Այցելութեան աւարտին, Տէր Հօր ընտանիքը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց փափկավարական այցելութեան եւ Տէր Հօր անձին ու ծառայութեան նկատմամբ ընծայուած պատիւին համար։

Muron Avak Kahana (3)

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ԱՌ
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԻՒՌՈՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
ԱՒԱԳԵՐԻՑՈՒՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ

muron avak kahanaԱստուծոյ կամքով եւ Երջանկայիշատակ Շահան Ս. Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ կոչուեցաք ծառայելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ որպէս քահանայ։

Շուրջ քառասուն տարիէ ի վեր կը ծառայէք առանց ձանձրանալու մնալով հաւատարիմ ձեր քահանայական ուխտին։ Ձեր քահանայական փորձառութիւնը ի սպաս դրած էք նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական Ժողովին որպէս անդամ։
Համեստ ու խոնարհ պայմաններով սկսած Ձեր քահանայական առաքելութիւնը, տակաւ առ տակաւ արժանացաւ Ձեզի գործակից համայնքային վարիչներու գնահատանքին, որոնք հասած են մինչեւ Պատրիարքական Աթոռ եւ Դուք արժանացած էք լանջախաչ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութեան եւ հուսկ՝ «Աւագ Քահանայութեան» պատիւին։ Նկատելի է, թէ Դուք իրաւունքը տուած էք Ձեր անձին նկատմամբ եղած շնորհաբաշխութիւններուն, եւ միշտ նոյն եռանդով մնացած՝ ծառայութեան պատնէշին վրայ։

Դուք հայրական գորովով կրցած էք պարուրել Ձեր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը, նոյնպէս արժանանալով անոնց որդիական սիրոյն։ Ամենայն պատրաստակամութեամբ ընդառաջած էք Պատրիարքական Աթոռէն Ձեզի յանձնուած պարտականութիւններուն, ի մասնաւորի այն եկեղեցիներուն մէջ, ուր բարեզարդման աշխատանքներ կը տարուէին։ Ձեր ծառայութիւնը տարածած էք մեր գաւառի փոքրաթիւ հաւատացեալներուն, զանազան առիթներով տրուած հովուական այցելութիւններով։ Ինչպէ՞ս չյիշել Ձեր անձնդիր ծառայութիւնը Իսկէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք, Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցիներէն ներս ոգի ի բռին տարած աշխատանքները, նաեւ վերաշինութեան կամ բարեզարդման կարիքներու հոգացման համար Ձեր կատարած հանգանակութիւնները, գրաւելով բարերարներու սրտերը, քաղցրութեամբ։

Ուստի սոյն Օրհնութեան Գիրով Ձեր անձին մէջ կ՚ողջունենք Պատրիարքական Աթոռի Քահանայից Դասուն երիցագոյն անդամը իր նուիրեալ ծառայութեամբ։ Ձեր քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակի ուրախ հանգրուանի սեմին, յանուն Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ եւ Պատրիարքական Աթոռի Հոգեւորական Դասու անդամներուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք մեր գնահատանքը։ Կ՚աղօթենք որ Ամենակալն Աստուած, որ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք, որպէսզի շարունակէք մնալ Ձեր պատնէշին վրայ ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մերազն հաւատացելոց։

«Որ բարւօք վերակացու լինին երիցունք՝ կրկին պատուոյ արժանի եղիցին, մանաւանդ եւ աշխատիցին բանիւ եւ վարդապետութեամբ։ …արժանի է մշակն վարձու իւրոյ» (Ա. Տիմ. Ե.17-18)։

Ողջ լեր ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան
Պատրիարքական Տեղապահ

Տուաւ Օրհնութեան գիրս
ի 21 Նոյեմբերի, յամի Տեառն 2017
ի Տօնի Ընծայման Ս. Աստուածածնի