ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

18813931_10154971821783183_669380880272170112_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 14 Դեկտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, Ս. Երուսաղէմի շուրջ ստեղծուած իրադարձութեանց կապակցութեամբ պատգամ մը հրապարակեց։ Ստորեւ կը հրատարակենք պատգամի թարգմանութիւնը.

ԱՄՆի Նախագահ Տանըլտ Դրամբի կողմէ Երուսաղէմը, որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումով յառաջացած ձգտեալ վիճակին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի կրած վնասին կը հետեւինք խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ։ Մովսիսականութեան, Քրիստոնէութեան եւ Մահմէտականութեան կողմէ որպէս սուրբ քաղաք ընդունուած Երուսաղէմի շուրջ ստեղծուած հակամարտութիւնները ցաւ կը պատճառեն մանաւանդ երբ նկատի կ՚ունենանք քաղաքի անուան բառական իմաստը, որ է՝ Խաղաղութեան Քաղաք։

Կրօնական առումով Երուսաղէմը համաշխարհային եւ համամարդկային ժառանգութիւն մըն է։ Հետեւաբար քաղաքին այսպիսի քաղաքականութեան մը առարկայ դառնալը ընդհանրապէս Քրիստոնեաներու, իսկ ի մասնաւորի Հայ Եկեղեցւոյ համար մտահոգիչ է եւ վիրաւորիչ։ Երուսաղէմը, միաստուածեան կրօններու հասարակաց ուխտի եւ պաշտամունքի վայրն է։ Բոլոր կողմերը պէտք է ջանան որ, քաղաքի սոյն մասնայատկութիւնը վնաս չի կրէ։

Աշխարհի խաղաղութիւնը որ, արդէն իսկ ծայր աստիճան բեկումնային վիճակ մը կը պարզէ, այս օրերուն աւելի քան երբեք այս աստիճանի սպառնալիքի մը նշաւակ չէ եղած։ Հետեւաբար կը մաղթենք որ այս ձգտեալ վիճակի բարւոքոնի, նաեւ արդէն իսկ առկայ հարցերէն աւելի մեծ բաղխումներու ծագման կանխարգելման համար կողմերը վարուին պաղարիւնութեամբ եւ աջալրջութեամբ։

Կ՚աղօթենք որ Տէր Աստուած հարցին առընչուած կողմերուն եւ ղեկավարներուն պարգեւէ իմաստութիւն, փոխադարձ հանդուրժողութիւն ու իրերհասկացողութիւն, վասն հաստատութեան մնայուն խաղաղութեան։

Աշխարհի եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի ու մեր Երկրին խաղաղութեան ու բարօրութեանը համար կատարուած աղօթքներուն կը միանանք ի բոլուր սրտէ։ Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ սրտերէն հեռացնէ ատելութեեան եւ ցասման զգացումները, առաքելով՝ երկնային սէրը։