ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

«ՀԱՅՃԱՐ»ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, 5 Հոկտեմբերի մերձաւոր Շաբաթ օրը, կը յիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնները տեղի ունեցան 5 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը 11.30-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ Գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Ստանպուլի նախորդ քաղաքապետ՝ Բարձր Ճարտարապետ Քատիր Թոփպաշ, Սկիւտարի քաղաղաքապետ՝ Հիլմի Թիւրքմէն, Պալեաններու յուշադամբանի շինութեան բարերարներ Հրաչ եւ Յակոբ Գըրմըզեան եղբայրներ, «ՀԱՅՃԱՐ»ի վարչայիններ ու անդամներ, Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն անդամներ, Համայնքային վարժարաններէ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութեան անդամներ։

 

Յիշատակի արարութիւնը գերեզմանատան սրահէն սկիզբ առաւ Տեղապահ Սրբազան Հօր գլխաւորած թափորով։ Հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ Պալեաններու յուշադամբանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Այնուամենայնիւ յիշատակուեցան Պալեան ընտանիքի ի Տէր ննջած անդամները։

 

Արարողութեան աւարտին, յանուն «ՀԱՅՃԱՐ»ի ողջոյնի խօսք արտասանեց Գէորգ Էօզգարկէօզ։ Իր խօսքին մէջ նշեց թէ՝ երէք տարի առաջ Հրաչ եւ Յակոբ Գըրմըզեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ կերտած էին Պալեաններու յուշադամբանը։ Յետ բացման արարողութեան, բարի սովորութիւն մը հաստատուած էր, որով ամէն տարի 5 Հոկտեմբերի մերձաւոր Շաբաթ օրը, նոյն վայրին մօտ, կը կատարուէր յիշատակութեան հանդիսութիւն։ Այս առթիւ, յայտարարեց թէ՝ Պալեան Ընտանիքի գործունէութեան մասին մասնագէտներու օժանդակութեամբ հսկայ գիրք մը կը պատրաստուէր եւ աշխատութեան աւարտին պիտի հրատարակուէր Պալեաններու մասին որպէս գիտութեան աղբիւր։ Ապա, խօսք առաւ յուշադամբանի բարերարներէն՝ Հրաչ Գըրմըզեան։ Ինք ագամ մը եւս ուրախութիւն յայտնեց, քանի Պալեաններու աշխատութիւնը կը յիշատակուէր սոյն նախաձեռնութեամբ։ Իրենց բարերարութեան հիմնական նպատակը տեսնելով, կը հաստատէին թէ՝ նման անձեր միշտ պէտք է լաւապէս յիշատակուէին։

2019 BALYAN 1

 

Յիշատակութեան առթիւ հաւաքուած ներկաներուն, իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Ինք նշեց թէ՝ պէտք է յիշատակուին մեր նախնիները։ Անցեալի քաղաքակրթութեան մէջ մասնաւորապէս Տաճարները եւ Գերեզմանները յատուկ ուշադրութեամբ կը կերտուէին,  քանի այդ մէկը ապացոյցն էր ժողովուրդի ստեղծագործութեան։ Մասնաւորապէս գերեզմանները յատուկ կարեւորութիւն ունին մեր մշակոյթին մէջ եւս քանի, անցեալի հիմքերն ու արմատները կը յիշեցնեն մեզի։ Առանց անցեալի յիշողութեան ազգեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ։ Հետեւաբար, Պալեաններու ներկայութիւնը կը յիշեցնէ մեր նախնեաց խոր արմատները։ Ճարտարապետաց Գերդաստան մը, որ համակրանքին արժանացած էր նաեւ Օսմանեան Կայսրերու։ Իրենց աշխատութեամբ, թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ քաղաքի զարգացման ներդրում ունեցած էին։ Այնուհետեւ, շնորհակալութիւն յայտտնեց Քատիր Թոփպաշի եւ Հիլմի Թիւրքմէնի, որոնց օժանդակութեամբ նման յուշադամբանը կ՚արտացոլացնէր Պալեաններու մեծ գործը։ Երախտիքով յիշեց նաեւ Գըրմըզեան եղջայրները, որոնց նախաձեռնութիւնը նոր հորիզոն մը բացած էր համայնքէ ներս։ Նշեց նաեւ «ՀԱՅՃԱՐ»ը, որոնց ներկայութիւնը միշտ խրախուսիչ էր մշակութային կեանքէն ներս։

2019 BALYAN 2

 

Սրբազան Հօր խօսքէն յետոյ, ներկաներ համախմբուեցան Գերեզմանատան Սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեճաշի սիրոյ սեղան։ Ապա, Տեղապահ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ եւ ներկաներու մասնակցութեամբ, այցելութիւն տրուեցաւ Պետրոս Դուրեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Ռէթէոս Պէրպէրեանի եւ  Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմներուն։ Պետրոս Դուրեանի շիրմին մօտ, Դուրեանէ բանաստեղծութիւն մը արտասանեցին նաեւ Հրանդ Տինք Վարժարանէ խումբ մը տղաք։