ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ԽՕՍՔԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնակատարութիւնը իր արժէքով կը ներկայանայ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն գնահատել Հայ գիրի ու գրականութեան ու անով ստեղծուած մշակոյթի մը արժէքն ու կարեւորութիւնը։

 

Աշնան եղանակին մեր կրթական օճախները արդէն իսկ լծուած են իրենց սրբազան առաքելութեան ուղիով  ընթանալ։ Այս կրթական յարկերուն ներքեւ մեր մանուկները, պատանիները եւ երիտասարդները կը դաստիարակուին, ժամանակակից հարկաւոր գիտելիքներով կ՚օժտուին, որպէսզի լաւագոյնս պատրաստուին իրենց համար ապագայ կեանքը կերտելու առաջադրութեամբ։

 

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը մեզի կը ներկայանայ Հայ գրերու գիւտին, Սուրբ Գրքի թարգմանութեան յիշատակութեամբ, բան մը որ անուրանալի տեղը կը գրաւէ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս տօնակատարութիւնը Ե. դարու տիտան անունները՝ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին, Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփան  կը միացնէ Ժ. դարու մեծանուն վանականին՝ Գրիգոր Նարեկացիին ու ԺԲ. դարու մեծանուն հայրապետին՝ Ներսէս Շնորհալիին։ Այս մեծանուն սուրբերը իրենց մէջ կ՚ընկալեն բոլոր սուրբ վարդապետները, որոնք ապրած ու գործած են հետեւելով Թարգմանիչ Վարդապետներու կեանքի օրինակով։

 

Որքան գեղեցիկ է վայելել այս փաղանքին ներկայութիւնը մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ։ Անոնք կը փայլին մեր մշակութային երկնակամարին վրայ որպէս անմար աստղեր իրենց հեղինակած  հոգեւոր, իմաստասիրական ու պատմական գործերով։ Պահ մը երթանք դէպի Ե. դար ու երեւակայենք իրենց ապրած ու գործած պայմանները։ Անոնք ոչ լոյս ունէին, ոչ ալ համակարգիչ։ Անոնք չունէին նաեւ իրենց լեզուով մատեաններ, մանաւանդ Սուրբ Գիրքը, որ Աստուծոյ Խօսքն էր։ Այս պայմանները ծնունդ տուին որ հսկաներ յառաջանան։ Որովհետեւ անոնք ունէին հաւատք, յոյս եւ սէր։ Հաւատք՝ Աստուծոյ ամենազօր կարողութեան, յոյս՝ իրենց ժողովուրդի ապագային նկատմամբ, սէր՝ Աստուծոյ եւ Սուրբ Եկեղեցիին ու հաւատացեալ ժողովուրդին հանդէպ։ Այս երեք բարոյական զէնքերով օժտուած, ձեռնարկեցին աշխատանքի. աշխատանք մը որ իրենց առջեւ բացաւ յաղթանակի ճամբան, ընդդէմ՝ տգիտութեան խաւարին։ Անոնք յաղթական դուրս եկան եւ մեր ժողովուրդը օժտեցին ինքնորոյն այբուբենով։ Այս յաղթանակի թագն ու պսակը հանդիսացաւ Սուրբ Գրքի թարգմանութիւնը, որով Աստուած մեր պապերուն լեզուովը սկսաւ խօսիլ։

 

Այս սուրբ յաղթանակի հերոսներու օրինակը դուռ բացած է երկար ու դարաւոր շղթայի մը կազմութեան, որուն վերջին օղակներն են մերօրեայ հոգեւորականներն ու կրթական մշակները։ Անոնք իրենց կարելին ի գործ կը դնեն, որպէսզի մեր հաւատքի արժէքները, մեր լեզուն ու գրականութիւնը փոխանցուին մերօրեայ զաւակներուն։ Այս տօնին անոնք կը վայելեն մեր մեծանուն սուրբերու բարեխօսութիւնը, բան մը որ զօրութիւն է իւրաքանչիւր հոգեւորականի եւ կրթական մշակի համար։

 

Այս առումով մենք կու գանք հայրաբար յիշեցնել, թէ այս տօնակատարութեամբ սկիզբ կ՚առնէ Մշակոյթի Շաբաթը։ Շրջան մը, որ եթէ լաւագոյնս արժեւորուի կրնայ իր դրական անդրադարձը ունենալ բոլորիս վրայ, բան մը որուն կարիքը ունինք որպէս անդամները Հայ Քրիստոնեայ դրոշմը կրող համայնքի մը, որուն ծոցէն ծնած են հանրածանօթ դէմքեր, ծանօթ՝ իրենց հոգեւոր, մշակութային ու գրական երկերով։

 

Այս տօնական ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք մեր Աթոռի Միաբանները, Քահանայից Դասու մէն մի անդամը եւ սարկաւագաց դասը, բոլորին մաղթելով կարողութիւն իրենց սրբազան առաքելութեան մէջ։ Կը յիշենք նաեւ Դպրաց Դաս Երգչախումբերը, որոնք եւս հոգեւոր երգեցողութեան առընթեր կը ներկայանան աշխարհիկ երգերու կատարումով։ Հետեւաբար երգի միջոցաւ մշակոյթին ծառայող մեր Դպրաց Դաս-Երգչախումբի անդամները եւս կը շնորհաւորենք ու կարողութիւն կը մաղթենք բոլորին։

 

Հոգեւորականներու առընթեր, նոյնքան կարեւոր են մեր կրթական համակարգի մշակները, որոնք անձնուիրաբար եւ զոհողութեան ոգիով կը ծառայեն մեր համայնքի զաւակներուն ջամբելու Հայերէնը եւ Հայ գրականութեան գոհարները։

 

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին կը յիշենք նաեւ մեր մտաւորականները, գրչի մշակները, որոնք կը ջանան վառ պահել Հայ գրի ու գրականութեան ջահը։

 

Մեր մշակութային գործունէութեան կարեւոր սիւներէն են միութենական կեանքը, որոնց կենսունակութեան մէջ կը տեսնենք մերազն ժողովուրդի զաւակներուն առողջ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուելու պայմանները։

 

Ուրախ ենք թէ՝ մեր համայնքը ունի կարելիութիւնը վայելելու Հայ մամուլի ներկայութիւնը։ Ուստի այս տօնական առիթով հայրաբար կը թելադրենք որ Հայ մամուլէն չզրկուին մեր ընտանիքները։ Կը շնորհաւորենք եւ կարողութիւն կը մաղթենք հայ մամուլի բոլոր սպասաւորներուն։

 

Վերջապէս, մեզի համար քաղցր պարտականութիւն է, յիշել մեր Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որուն վաստակը անջնջելիօրէն քանդակուած է Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ կատարուած ձեռնարկներու վրայ։ Բոլորիս ծանօթ է թէ՝ մեր Երանաշնորհ հոգեւոր պետը որքան խանդավառութիւն կը ստեղծէր այս շաբթուան պատրաստութեան սեմին։ Մեզի կը մնայ հանգստեան աղօթքով յիշել զինքը եւ հետեւիլ՝ իր ցուցմունքներուն։

 

Շնորհաւոր Սրբոց Թարգմանչաց Տօն։

 

Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան

Պատրիարքական Տեղապահ