ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Փաստաթուղթեր

Tarkmanchats BadkamՊատրիարքական Աթոռէ ներս մեր կոչուած պաշտօնը քաղցր լուծ մըն է եւ որպէս Տեղապահ Ս. Թարգչմանչաց Վարդապետաց Տօնի առիթով պարտք կը զգանք մեր հայրական խօսքը ուղղել Հոգեւորականաց Դասու անդամներուն, Կրթական մշակներուն եւ գրչի սպասաւորներուն, սոյն պատգամի տողերով։

Հայ Եկեղեցւոյ ամենասիրելի դէմքերէն եւ հեղինակաւոր սիւներէն են՝ Ս. Թարգմանիչ Վարդապետները։ Երկու անուններ՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, որոնց ապագայի մասին մտահոգութիւնները փարատեցան Հայոց Այբուբէնի գիւտով եւ Ս. Գիրքի Հայերէնի թարգմանութեամբ։ Հայ Ժողովուրդի կրօնամշակութային եւ ի մասնաւորի հայադրոշմ հաւատքի կեանքը զարգացաւ ու ողջ մնաց դարեր շարունակ։ Օրհնեալ է այն սուրբ անձերու վաստակը, որուն շնորհիւ անիմանալի Աստուծոյ իմաստը տնօրինաբար զարդարուեցաւ Հայոց գիրով ու գրականութեամբ։

Ահա, հասած է Ս. Թարգմանչաց Տօն մը եւս, հոգեւոր ու մշակութային հանդիսութիւններով նշուելու պատրաստութեամբ։ Քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՚ողջունեմ քաղաքիս մէջ եւս տիրող այս ոգեշունչ մթնոլորտը։ Որքան մեծ մխիթարական է ներկայ դարուս եկեղեցիներու եւ վարժարաններու մէջ տեսնել Հայոց այբուբէնի եւ լեզուի ներկայութիւնը, թէկուզ տկարացումի ղօղանջները լսելի դառնան իրենց մօտ։ Պոլսոյ իրականութեան մէջ, անշուշտ ուրախութիւն է, Հայ Համայնքի Քրիստոնէական հաւատքին եւ աւանդութիւններուն հետամուտ հաստատութիւններ ու անհատներ տեսնել։ Օրհնեա՜լ ըլլան բոլորը։ Իրենց գոյութեամբ կը յիշենք թէ՝ քաղցր է մեր լուծը եւ պատասխանատու ենք մեր անցեալի եւ ապագայի առջեւ։ Այս պահուն ճիշտ է թէ՛ ունինք, մեր կրօնամշակութային կեանքը ապրելու եւ ապրեցնելու կամքը, բան մը որ կ՚անցնի նեղ եւ դժուար ուղիներէ։ «Իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար» (Առակաց 1.3) են այս յիշեցումները, որոնց աղբիւրը կը հանդիսանայ այս յատկանշական տօնը։ Շնորհաւոր Ս. Թարգմանչաց Տօն։

«Լսի՜ր, որդի՜ս, պատգամ որպէս, Սիրող քո մօր խօսքը սրտանց,
Այս օրուանից յանձնում եմ քեզ, Հայոց լեզուն հազարագանձ»։ Սիլվա Կապուտիկեանի տողերով անհատներ տարիներ շարունակ կը յիշեն նոյն սրտախօսիկ խօսքերէն բխող պատգամը։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներն ենք բոլորս եւ եկեղեցին՝ մեր մայրն է, ու կը զարգացնէ մեր հոգին ու սիրտը։ Հայ Վարժարանը, մեր ուսուցիչն է, յառաջդիմութեան ուղիով կը զարգացնէ մեր միտքը։ Սիրտով, միտքով ու հոգիով կայունութեան հասած անհատներ, միայն յաջողութեամբ կրնան պահել իրենց յանձնուած տիրաշնորհ համայնքային գանձերը։

Հայոց տառերու գիւտով ծանօթ թարգմանչաց տօնը, սոսկ հոգեւոր պատգամներով յիշատակութիւն մը չէ։ «Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի։ Վասն զի բո՛ւն ասոր համար կ՚աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4.9-10) Հասարակաց ուղղեալ պատգամ կը դառնայ, մշակութային արժէքները վառ պահել մեր կեանքին մէջ։ Հոգեւորականներ, ուսուցիչներ, գրչի սպասաւորներ, յիշե՛նք մեր կոչումը, առաքելական շրջաններէ հասած։ Հայ Եկեղեցւոյ հոգիի եւ մտքի հովիւներ, հաւատարիմ ըլլա՛նք, Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներէ հասած մեր հայադրոշմ կոչումին։ Պոլսահայ իրականութեան մէջ, առողջ գոյատեւման միակ երաշխիքը այս է։ Նոյնիսկ եթէ հոգւով եւ սրտով վիրաւորուածներ ըլլանք, ապագայի մասին մեր յոյսերը խաւարի մէջ անյայտացած ըլլան, յիշե՛նք որ համատեղ աշխատութեամբ միայն կրնանք յաջողցնել մեր վրայ դրուած ազգային եկեղեցական պատասխանատուութիւնը։ Այս ուղղութեամբ մեր յոյսը կը յայտնենք, որ Պոլսահահութիւնը իր անցեալով, միշտ արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը եւ այսօր եւս տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց կրկին Թարգմանչաց Ոգիի պատգամով իր մխիթարութիւնն ու յոյսը կը գտնէ։

Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնի առիթով, մասնաւորապէս կը շնորհաւորենք Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութիւնն ու հոգեւորականաց դասը, մեր համայնքային վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչաց կազմերն ու աշակերտութիւնը, դպրաց դասերը, սանուց միութիւնները, մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ բոլոր սպասաւորները եւ ի վերջնումն Հայ գրչի գրականութեան անխոնջ նուիրեալներն ու սիրահարները։

Այս առթիւ հանգստեան աղօթքով կը յիշենք նաեւ Ի տէր ննջած Բանին Կենաց քարոզիչները, կրթական մշակները եւ գրչի սպասաւորները։ Թող Աստուած լուսաւորէ իրենց հոգիները եւ վարձահատոյց ըլլայ Հայ Գիրի եւ Գրականութեան մերօրեայ նուիրեալ սպասաւորներուն։

Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՊԷՔՃԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ