ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային

badiarkaran logoՊատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ 9 Օգոստոս 2017ի նիստին ներկայացուցած է Պատրիարքական Աթոռի հետ առընչուած իր վարչական տնօրինութիւնները։ Նորին Սրբազնութեան տնօրինութեան համաձայն ժողովի գումարման թուականէն սկսեալ կը դադրի Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի Լուսարարապետի պաշտօնը՝ իր բոլոր իրաւասութիւններով եւ պարտաւորութիւններով:

Նորին Սրբազնութիւնը Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը ազատ կացուցած է Փոխ Լուսարարապետի իր պաշտօնէն։

Տրդատ Քահանայ Ուզունեան նշանակուած է Արարողութեանց եւ Խորհրդակատարութեանց Պատասխանատու Տնօրէն, արարողութեանց եւ խորհրդակատարութեանց հետ առընչուած բոլոր նիւթերուն հսկելու եւ պատշաճ կարգադրութիւնները ընելու պաշտօնով։

Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան նշանակուած է Պատրիարքարանի Դիւանի տնօրէն։

Նորին Սրբազնութիւնը իր տնօրինութիւնները պաշտօնագրերով տեղեկացուցած է ենթականերուն։