ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

personelՊատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց աւանդական դարձած այս հանդիպումին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին, որ նեղ պայմաններու ներքեւ կը շարունակէ ծառայել Պատրիարքական Սուրբ Աթոռին։ Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ ինք քաջ տեղեակ է, որ Պատրիարքարանի անձնակազմը կը շարունակէ բերել իր ծառայութիւնը Ս. Աթոռին, որով կարելի կ՚ըլլայ ծառայել Եկեղեցիին եւ Համայնքին։ Անգամ մը եւս յիշեցուց որ միայն ընտանեկան սիրոյ մթնոլորտով ստեծուած համերաշխութեամբ է որ, նեղ պայմանները կը դիւրանան։

Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ որ բոլոր տխուր եւ ուրախ դէպքերով իր լրման հասաւ 2013 տարին։ Ան, շնորհաւորեց անձնակազմը եւ մաղթեց որ նոր տարին բարեբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ թէ՛ համայնքային հաստատութեանց համար։