ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

personelՊատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2012, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս յայտնեց որ ուրախ եւ տխուր հոգեվիճակով կը գտնուինք աւանդական դարձած այս սեղանին շուրջ, քանի Ամանորի ուրախութեան առընթեր, կայ նաեւ տխրութիւն մը, որ է այս անգամ եւս մեր Հոգեւոր Պետին՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր բացակայութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Աթոռոյ անձնակազմին, որ կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ ու ծառայութեան պատնէշին վրայ։ Ան, մաղթեց որ յառաջիկայ 2013 տարին բոլորին, համայնքին եւ Պատրիարքական Աթոռին համար ըլլայ համերաշխութեան ու խաղաղութեան տարի մը։