ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

personelՊատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց աւանդական դարձած այս հանդիպումին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին, որ նեղ պայմաններու ներքեւ կը շարունակէ ծառայել Պատրիարքական Սուրբ Աթոռին։ Անգամ մը եւս յիշեցուց որ միայն ընտանեկան սիրոյ մթնոլորտով եւ համերաշխութեամբ է որ, նեղ պայմանները կը դիւրանան։

Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ որ բոլոր տխուր եւ ուրախ դէպքերով իր լրման հասաւ 2014 տարին։ Ան, շնորհաւորեց անձնակազմը եւ մաղթեց որ նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ համար։

Հաւաքոյթը իր աւարտի հասաւ Սրբազան Հօր արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով եւ անձնակազմի փոխադարձ շնորհաւորութիւններով։