ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

10154355_524432037716684_8702065424516896864_nՊատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց աւանդական դարձած այս հանդիպումին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին, որ նեղ պայմաններու ներքեւ կը շարունակէ ծառայել Պատրիարքական Սուրբ Աթոռին։ Անգամ մը եւս յիշեցուց որ միայն ընտանեկան սիրոյ մթնոլորտով եւ համերաշխութեամբ է որ, նեղ պայմանները կը դիւրանան։

Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ որ բոլոր տխուր եւ ուրախ դէպքերով իր լրման հասաւ 2015 տարին։ Ան, շնորհաւորեց անձնակազմը եւ մաղթեց որ նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ համար։