ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

26112223_882761625217055_5836839801615208847_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 2 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, ժամը 13.30-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքարանին դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը՝ գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Աւանդական Ամանորի հանդիպմամբ Նորին Սրբազնութիւնը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

26229606_882761645217053_8027486101600815434_nՆախ խօսք առաւ Սահակ Սրբազան ու յայտնեց թէ սոյն հանդիպումը աւանդական բնոյթ ունէր, որով պաշտօնէութիւնը Աթոռոյ պատասխանատու հոգեւորականին գլխաւորութեամբ կը հաւաքուի ու կ՚ողջունէ Ամանորն ու Ս. Ծնունդը։ Այնուհետեւ, անոնք այս տարի եկած էին Տեղապահ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ անգամ մը եւս Ամանորեան ուրախութիւնը վայելելու։ Սրբազան Հայրը, յանուն անձնակազմին Տեղապահ Սրբազան Հօր մաղթեց արեւշատութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութիւններուն համար։ Ինք ըսաւ թէ՝ առաջին անգամ կը վայելէր այս աւանդութեան ապրումները։ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց տարուայ ընթացքին տարուած համատեղ աշխատութեանց համար, ինչպէս նաեւ նոր տարուայ առթիւ իր հայրական թելադրութիւնները ըրաւ պաշտօնէութեան։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը իր գործունէութեան կը շարունակէ ու նոր տարիին առթիւ յոյս յայտնեց, ըսելով թէ՝ գործունէութիւնը աւելի եւս պիտի աշխուժանայ։ Այս առթիւ օրնեց ներկաները եւ մաղթեց որ նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ իր պաշտօնէութեան համար։

Հանդիպման աւարտին ներկաներ աւանդական անուշապուրով հիւրընկալուեցան։

26166668_882762351883649_5110438882906739099_n