ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ  

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական

Պատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2018, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական անուշապուրի սեղանի շուրջ։

 

Արամ Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց աւանդական դարձած այս հանդիպումին համար եւ ըսաւ որ բոլոր տխուր ու ուրախ դէպքերով իր լրման հասաւ 2018 տարին։

 

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց տարուայ ընթացքին տարուած համատեղ աշխատութեանց համար, ինչպէս նաեւ նոր տարուայ առթիւ իր հայրական թելադրութիւնները ըրաւ պաշտօնէութեան։

AMANOR PERSONEL 2018

Ան, շնորհաւորեց անձնակազմը, այս առթիւ օրնեց նաեւ զիրենք եւ մաղթեց որ նոր տարին օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ համար եւ թէ՛ անձնակազմին համար։