ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ  

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

ԹՀՊ Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամները 24 Դեկտեմբեր 2018, Երկուշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, առաջնորդութեամբ յանձնախումբի ատենապետ Արի Չօլաքի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Սոյն հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան։ Երիտասարդներ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին «ԹՀՊ Երիտասարդաց ամանորեան խրախճանքի»ն, որ պիտի իրականացնէին 29 Դեկտեմբեր 2018, Շաբաթ երեկոյեան Շիշլիի Մարիօթ Հիւրանոցին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը սիրով ընդառաջեց եղած հրաւէրին ու մանրամասնութիւններ ստացաւ կազմակերպութեան մասին։

TEP GENCLIK ve SRPAZAN

Սրբազան Հայրը թելադրեց նաեւ, թէ ՀԵՀԵՄի (Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորում) համար արձանագրելի Ամանորեան Պատգամը կատարուի Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի առաջնորդութեամբ։ Ապա, Սրբազան Հօր հետ նկարուելով մեկնեցան Պատրիարքարանէն։

Պատրիարքական Աթոռոյ ՀԵՀԵՄի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան եւ ԹՀՊ Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամները 27 Դեկտեմբեր 2018, Հինգշաբթի Պատրիարքարանի մէջ ի մի հաւաքուելով նախապէս որոշուած արձանագրութիւնները կատարեցին ու աշխարհի Հայ երիտասարդներուն Ս. Ծննդեան շնորհաւորական մը փոխանցեցին։ Երիտասարնդներ, սոյն արձանագրութիւնները կատարելու ընթացքին օգտուեցան համայնքիս անդամներէն Արարատ Էրօլի Տի Ֆայն Սթիւտիօի կարելիութիւններէն։

TEP GENCLIK CEKIM CALISMALARI