ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԲԱԺՆԷՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐ ՄԸ ԵՒՍ. ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԱՐԱԳԱՄԱՏՈՅՑ

Kategori: Կարճ լուրեր

11040376_816009855147678_4311420437511308171_nՊատրիարքական Աթոռը, ընդառաջելով ժողովուրդի փափաքին, արարողական գիրքերու շարքէն լոյս ընծայեց «Պատարագամատոյց» հատորը։

Ստանպուլահայ ժողովուրդը երկար ատենէ ի վեր պակասը կը զգար հատորի մը, ուր արձանագրուած ըլլար Ս. Պատարագի բնագիրը։ Այս նպատակաւ պատրաստուեցաւ նոր գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ 264 էջերէ եւ կը սկսի Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով՝ «Քանի մը խօսք այս գրքոյկի մասին» ու Ի. դարու ընթացքին քաղաքիս մէջ լոյս տեսած Պատարագի գիրքերու մատենագիտութեամբ։

Բրշ. Վաղարշակ Սարկաւագ մանրամասնութեամբ կը բացատրէ, թէ ինչպէս երկարժամանակեայ աշխատանքի արդիւնք էր սոյն գրքոյկի լոյս աշխարհ ընծայումը, որ երկար տարիներու երազն էր Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։

Սոյն հատորին մէջ հաւաքուած են Սուրբ Պատարագի հաւատացեալ ժողովուրդի կողմէ լսուած մասերու գրաբար բնագիրը, աշխարհաբար թարգմանութիւնը, լատինատառ տառադարձութիւնն ու արդի թրքերէնի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ ճաշու ժամամուտներ, ճաշու շարականներ, սաղմոսներ, սրբասացութիւններ, հոգեհանգստեան կարգն ու հանգստեան աւետարաններ, զղջումը (խոստովանանք) եւ այլն։

Սոյն գիրքի պատրաստութեան համար աշխատած են հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ, որոնց ներդրումին մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ տրուած են գիրքի «Քանի մը խօսք այս գրքոյկի մասին» բաժնին մէջ։

Ըստ հաւատացեալներու խնդրանքին, հատորի լուսանցքներուն վրայ տեղադրուած են նշաններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ս. Պատարագի ընթացքին երբ կարելի է նստիլ, կանգնիլ կամ ծնրադրել։ Այս պարագային նկատի առնուած է Պոլսական աւանդութիւնը։

Նախաբանի հեղինակը իր խօսքի աւարտին կը պարզէ հրատարակութեան նպատակը հետեւեալ բառերով. «Քրիստոնեաներու համար ամենասրբազան արարողութիւնն է Ս. Պատարագը, որ տեղի կþունենայ յատուկ սրբավայրի մէջ եւ որուն յոյժ կարեւոր է հաւատացեալի մասնակցութիւնը։ Հետեւաբար այս հրատարակութիւնը պատրաստուած է այդ իսկ նպատակաւ»։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի մեկենասութեամբ։

Սոյն գիրքը ծրագրուած է Ս. Պատարագի ընթացքին գործածութեան նպատակաւ։ Իսկ անոնք որոնք կը փափաքին իրենց անձնական օրինակը ունենալ, կրնան դիմել Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/books/%d5%aa%d5%b8%d5%b2%d5%b8%d5%be%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%a4%d5%ab-%d5%b0%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d6%80-%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%a3%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%bf%d5%b8%d5%b5%d6%81/