ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՉԻՆԻԼԻ ՔԷՕՇՔ»Ի ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական

61Վերանորոգութեան աշխանաքներն աւարտած ըլլալով, Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի կողմէ 15-րդ դարուն կառուցուած Յախճակապաւոր Ապարանքը (Չինիլի Քէօշք) յատուկ արարողութեամբ վերաբացուեցաւՄշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար՝ Աթիլլա Քօչի ձեռամբ, 10 Յունիս 2005 Ուրբաթ երեկոյեան ժամերուն։

Հանդիսութեան մասնակցութիւն բերին Պոլսոյ Նահանգապետ՝Մուամմէր Կիւլէր, Պոլսոյ գրեթէ բոլոր համալսարաններու տեսուչները, ակադեմականներ, դասախօսներ, մտաւորականներ, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, մամլոյ սպասաւորներ։

Բացման հանդիսութեն ներկայ էր նաեւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. ՊատրիարքՀայրը, հետն ունենալով Պատկ. Կրօնական Ժողովի Բ. Ատենապետ՝Հոգշ. Հ. Սահակ Աբղ. Մաշալեանը։

Նորին Ամենապատուութիւնը մէկ մէկ հետաքրքրուեցաւ ցուցափեղկերուն մէջ ներկայացուած յախճապակիներով եւ յատուկ որմնատախտակներու վրայ տրուած պատմաբանական տեղեկութիւններով, որոնցմէ դժբախտաբար ոչ մէկը սակայն նշած էր Կուտինայի (Քիւթահիայի) հայազգի վարպետներու ձեռագործներուն համբաւը։