ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ ԺՈՂՈՎ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

119685665_1636854436474433_850511314934308310_n

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, 17 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որով Պատրիարքական Աթոռոյս «Մէնթի – Մէնթօր» ծրագրի մասին խորհադածութիւններ տեղի ունեցան։ Ժողովին մասնակցեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի Տնօրէն՝ Սիլվա Գույումճեան, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Տնօրէն՝ Արմէն Սարուխանեան, Սահակեան-Նունեան Լիսէի Տնօրէն՝ Տիանա Եըլանճըօղլու, Մխիթարեան Լիսէի Տնօրէն՝ Եւա Օրագեան, Վաստակաւոր տնօրէնուհի՝ Սաթենիկ Նշան, Մէրի Թաքսի Տէվէճեան, Ժպիտ Էօղէր, Քարօլին Իւչէր Իչլիիւրէք, Տոչ. Տքթ. Քոզէթ Աւանուս, Արաս Եոլուսէվէր, Լեռնա Մէզիրճիեան, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Շահնուր Գազանճը։

119747894_1636854313141112_8482164818101300526_n

Պատրիարք Հայրը, իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ «Մէնթի – Մէնթօր» ծրագրի մասին։ Ինք անձամբ ականատեսը եղած էր թէ՝ սոյն ծրագիրը անցեալ տարի եւս օգտակար եղած էր համայնքիս երիտասարդներուն։ Պատրիարքական Աթոռը, վկայելով սոյն ծրագրի յաջողութեան կը շարունակէր վստահիլ ծրագրի գործակիցներուն եւ Նորին Ամենապատուութիւնը տեսնելով կամաւոր երիտասարդներուն կամքը, տնօրինած էր այս տարի եւս հովանաւորել սոյն աշխատութեան։ Պատրիարք Հայրը, շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը եւ ըսաւ թէ բոլոր միջոցներուն պէտք է դիմել, որպէսզի համայնքիս երիտասարդները գիտութեան վրայ հիմնաւորուած ունենան փայլուն ապագայ մը։ Առ այդ, Մեր Հոգեւոր Պետը ժողովի հրաւիրած էր նաեւ համայնքային լիսէներէ տնօրէններ ու ակադեմականներ, որպէսզի կրթական մշակներ ու ակադեմականներ եւս իրենց գաղափարներով նպաստաւորեն ծրագրի առաւել եւս զօրացման։

119794044_1636854353141108_6072751695888587222_n

Սոյն ժողովը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի «Մէնթի – Մէնթօր» ծրագրի գործակիցներ, մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեն ներկաներուն ու գաղափարի փոխանակում կատարուի նոր տարեշրջանի նախօրէին։ Ըստ իրենց տեղեկութեանց, ծրագրի մասնակիցներու թիւը այս տարի բազմացած էր։ Քորոնա Համավարակի շրջանին, սահմանափակումներ ըլլալով հանդերձ, համացանցի դրութեամբ ծրագիրը կը շարունակէր գործել։ Սոյն ծրագրի ճամբով, աւարտական դասարանի աշակերտներ, առիթը կ՚ունենային, աւելի երէց եւ փորձառու համալսարանականներէ խորհուրդ ստանալու։ Մասնակիցներ շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր, որուն հայրական մերձեցումը քաջալերական դեր կ՚ունենար։

 

  • 119794044_1636854353141108_6072751695888587222_n
  • 119685665_1636854436474433_850511314934308310_n
  • 119747894_1636854313141112_8482164818101300526_n