ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

badriarkaran agacԸստ աւանդութեան, Պատրիարքարանի տօնածառը այս տարի եւս զարդարուեցաւ։ Պատրիարքարանի Տիկնանց Կազմի անդամուհիներ, 19 Դեկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան ու զարդարեցին տօնածառը եւ Պատրիարքարանի շքամուտքը։

Յետ միջօրէին, Տիկնանց կազմը եւ Պատրիարքարանի անձնակազմը, գլխաւորութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, հաւաքուեցան թէյասեղանի շուրջ։

Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց կազմին եւ գնահատելով իրենց աշխատութիւնները, ըսաւ. «Տարի մը եւս յարգեցինք աւանդութիւնը եւ Ամանորի առթիւ զարդարեցինք Պատրիարքարանը։ Բոլորիդ վարձքը կատար։ Դժբախտաբար այս տարի եւս Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր հիւանդութեան պատճառաւ ֆիզիքապէս կը բացակայի։ Կը յիշենք զինք եւ կը շարուակենք աղօթել իր առողջութեան համար։ Կը մաղթենք նաեւ յաջորդ տարի եւս արժանի ըլլանք այստեղ համախմբուելու։»

Յետոյ, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց ներկաները եւ իրենց մաղթեց երկար ու առողջ տարիներ։