ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

Noel agac toplu

Ըստ աւանդութեան, Պատրիարքարանի տօնածառը այս տարի եւս զարդարուեցաւ։

Պատրիարքարանի Տիկնանց Կազմի անդամուհիներ, 19 Դեկտեմբեր 2014, Ուրբաթ առաւօտ, այցելեցին Պատրիարքարան ու զարդարեցին տօնածառը եւ Պատրիարքարանի շքամուտքը։

Յետ միջօրէին, Տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հաւաքուեցան թէյասեղանի շուրջ։ Ներկայ եղան նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց կազմի անդամներուն եւ ըսաւ. «Բոլորիս համար ուրախութիւն է ամանորեան այս սեղանին շուրջ բոլորուիլ ու զրուցել։ Տարի մը եւս յարգեցինք աւանդութիւնը եւ Ամանորի առթիւ զարդարեցինք Պատրիարքարանը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս գնահատելի աշխահանքին համար, բոլորիդ վարձքը կատար։ Դուք ազգին տունը՝ Պատրիարքարանը շէնցուցիք, թող Աստուած ալ պտղաբերէ ձեր ընտանեկան յարկերը։ Կը մաղթեմ որ յաջորդ տարի եւս արժանի ըլլանք այստեղ համախմբուելու, ինչպէս նաեւ նոր տարին բոլորիս համար ըլլայ շնորհաբեր տարի մը»։

Տիկնանց Կազմնի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ ամանորի սեմին մաղթեցին առողջ տարիներ։

DSC02259

 

  • ???????????????????????????????
  • DSC02254
  • DSC02252