ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

15385412_680510502108836_8530910059428583156_oԸստ աւանդութեան, Պատրիարքարանի տօնածառը այս տարի եւս զարդարուեցաւ։ Պատրիարքարանի Տիկնանց Կազմի անդամուհիներ, 13 Դեկտեմբեր 2016, Եկեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան ու զարդարեցին տօնածառը եւ Պատրիարքարանի շքամուտքը։

Աշխատութեան աւարտին, Տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հաւաքուեցան թէյասեղանի շուրջ։ Ներկայ եղաւ նաեւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ Այս առթիւ, Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց տիկիններու աւանդականի վերածուած աշխատութիւնը եւ բարի տարի մաղթեց ներկաներուն։

Իսկ, Տիկնանց Կազմնի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ ամանորի սեմին մաղթեցին առողջ տարիներ։ Իրենց մաղթանքն էր, յաջորդ տարի կրկին համախմբուիլ Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ եւ ամանորը ողջունել տօնածառի պատրաստութեամբ։