ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

137320657_1747674488725760_2521845086233754794_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Յունուար 2021, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքութեան Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Յանձնախումբի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան։

Հանդիպումը սկսաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր աղօթքով եւ բացման խօսքով։ Այցելուներ, նախ Ամանորին եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առթիւ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, իր սրտի խօսքին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութեանց առթիւ գոհունակութիւնը յայտնեց, եւ մաղթեց որ տօնական օրերը յանձնախումբի անդամներուն համար դառնայ ոգեւորութեան եւ խաղաղութեան առիթներ։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց թէ՝ Քորոնա Համավարակի շրջանին, առաւել եւս թափ ստացած էր Աթոռոյ մարդասիրական ծառայութիւնը, բան մը որ գնահատելի էր շատերուն համար։ Սոյն ծառայութեան օժանդակից բոլոր կամաւորները գնահատեց եւ փոխանցեց իր Հայրական օրհնութիւնը։ Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ՝ ժողովուրդն ու բարերարներու եւս արդար գնահատանքին եւ վստահութեան արժանացած էր ծառայութիւնը եւ յայտնեց թէ՝ այս մէկը իրականացած էր թափանցիկ կարգաւորութեամբ եւ քննութեան բաց՝ հաշիւներու շնորհիւ։

Այցելուներ 2020 տարուան մէջ իրականացած ընկերասիրական ծառայութեան մասին Նորին Ամենապատուութեան հաշիւ ներկայացուցին եւ յաջորդ շրջանի իրենց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ներկայացուցին։

Պատրիարք Հայրը, անգամ մը եւս յիշեցուց թէ՝ արտաքոյ յանձնախումբի այլ անձերու եւ յանձնախումբերու աշխատութիւնները պէտք է համախմբուին Աթոռոյ հովանիին ներքեւ, որպէսզի միասնականութեամբ եւ միաբանութեամբ առաւել եւս ընդարձակ ու տոկուն դրութիւն մը հաստատուի։

Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը, Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի բոլոր անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մարդասիրական ծառայութեանց համար ու օրհնեց բոլոր կամաւորները, մաղթելով որ Աստուած զօրութիւն պարգեւէ բոլորին, իրենց Աստուածահաճոյ ծառայութեանց մէջ։