ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

5Պոլսոյ մէջ, տարիներ շարունակ Մեծ Պահոց շրջանին աւանդութիւն եղած է, քաղաքի զանազան եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի Արարողութիւններ կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։

Այս գեղեկից աւանդութիւնը, այս տարի եւս սկիզբ առաւ Մեծ Պահոց առաջին Չորեքշաբթի օրէն սկսեալ։ Աթոռոյս տնօրինութեամբ նշանակուած վեղարաւոր հայրեր, սկսան հանդիսապետել Արեւագալի Արարողութեանց եւ քարոզել Մեծ Պահոց խորհուրդը։
4

Արեւագալի Արորողութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ 7 ժամերգութիւններէն մին է, որ յատկապէս Մեծ Պահոց շրջանին յատուկ ուշադրութեամբ կը կատարուի քաղաքիս մէջ։ Արարողութեան աղօթքներուն եւ շարականներուն ընդմէջէն, կը հաստատուի Քրիստոսի Ճշմարիտ Լոյս ըլլալու հանգամանքը, եւ այս առումով աղօթք կը բարձրանայ առ Աստուած, որ հաւատացեալներու հոգիներուն վրայ ծագի կենդանարար լոյսը։

Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, 19 Փետրուար 2021, Ուրբաթ, ժամը՝ 10.30-ին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին Արեւագալը, որուն ներկայ էին Աթոռոյս միաբան հայրերն ու քահանաները։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները տեղի ունեցան ներկայ հոգեւոր հայրերու եւ դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։

Արեւագալի արարողութեան աւարտին, ներկայ հոգեւորականներ ծնկաչոք երգեցին «Տէր Ողորմեա» խորհրդաւոր երգը, որով աղերսեցին խաղաղութիւն, բժշկութիւն եւ մեղքերու թողութիւն։ Նաեւ երգուեցան Ս. Խաչի նուիրուած շարականներ եւ բոլոր հիւանդներու առողջութեան համար արտասանուեցաւ «Փարատեա» աղօթքը։
6

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամները փոխանցեց։ Պատրիարք Հայրը նախ «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո» սաղմոսը մեկնաբանեց եւ ներկայացուց ապաշխարութեան եւ Մեծ Պահքի նշանակութիւնը։ Նշեց թէ՝ Մեծ Պահոց շրջանը Տէրը օրհնելու, գովելու եւ փառաբանելու շրջան է եւ կ՚աղօթենք Աստուծոյ որպէսզի մեր շրթունքները բանայ։ Աղօթելու պահուն իրականացած դժուարութիւններու եւս անդրադառնալով ըսաւ թէ, այս մէկը պատճառ կը դառնայ որ մարդիկ աւելի դժուարութեամբ աղօթեն Աստուծոյ։ Մեծ Պահքի շրջանը ապաշխարութեան շրջան ըլլալով, լաւ առիթ է որ մեր բերանները Աստուծոյ շնորհիւ, Աստուծոյ համար բանալ փորձենք։

Պատրիարք Հայրը, յաջորդաբար խօսեցաւ Մեծ Պահոց նորոգիչ զօրութեան մասին եւ յիշեցուց թէ՝ Մեծ Պահքը Քրիստոսով վերանորոգուելու շրջան է։ Նորոգութիւն բառը գեղեցիկ հնչելով հանդերձ, մարդկութիւնը երբեմն չի գիտեր թէ, ինչպէս պէտք է նորոգուի։ Այս պահուն, եկեղեցւոյ ուսուցումները կ՚առաջնորդեն մեզ, որպէսզի գտնենք նորոգութեան միջոցները։ Ուստի Մեծ Պահոց շրջանին, եկեղեցին տարբեր առիթներով կը խրատէ հաւատացեալներուն եւ կը փորձէ զանոնք վերանորոգութեան ուղիին առաջնորդնել։ Այս առիթով ընդգծեց նաեւ որ, պահեցողութիւնը Աստուծոյ հետ սակարկութեան միջոց մը չէ։ Ան պէտք է ընկալուի, որպէս հոգեւոր կեանքի մէջ դրական ազդեցութիւն գործող միջոց մը։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով բարի Մեծ Պահոց շրջան մը մաղթեց ժողովուրդին։

Քարոզեն յետոյ, արարաղութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ։

Այս տարի, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Մեծ Պահոց ընթացքին, ամէն Ուրբաթ պիտի նախագահէ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարելի արարողութեանց եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացելոց։ Մեր Հոգեւոր Պետին նախագահած սոյն արարողութիւններն ու քարոզխօսութիւնները, Պատրիարքական Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube» էջերէն ուղիղ եթերով կը սփռուին։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/735608790424883

 

  • 1
  • 4
  • 2
  • 3
  • 5
  • 6