ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 4 Մարտ, Ուրբաթ,ժամը 10.30ին այցելեց Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ` Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպս. Աթէշեանը, որՉորեքշաբթիի վիրաբուժական գործողութենէն յետոյապաքինման շրջանը կը բոլորէ ԱմերիկեանՀիւանդանոցին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը` Արամ Սրբազանիենթարկուած գործողութեան մասին տեղեկութիւն քաղեց Տքթ. Աքսել Սէյահիէն։ Արամ Սրբազան շուրջերկու շաբաթ պէտք է մնայ հիւանդանոցի մէջ։ Իսկ ապաքինումը պիտի տեւէ շուրջ երկու ամիս։

Պատրիարք Հայրը կատարեալ ապաքինում մաղթեց իրհոգեւոր եղբօր եւ աղօթեց իր ցաւերուն փարատման եւվէրքերուն բուժման համար։