ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Փետրուար 2021, Շաբաթ, յետ միջօրէին, ընկերակցութեամբ՝ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, որ վերջերս կը գտնուի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ։

Պատրիարք Հայրը, սոյն այցելութեամբ յանուն Աթոռոյս միաբանութեան եւ հոգեւորականաց դասուն, Հայր Սուրբին արագ ապաքինում մաղթեց ու յայտնեց թէ՝ Պոլսոյ հոգեւորականաց դասը աղօթքով կը զօրակցի իրեն։ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ թէ՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէ ներս ամենայն բծախնդրութեամբ կը շարունակուի Հայր Սուրբի դարմանումը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յիշեցնելով թէ՝ Տէր Յիսուս բժիշկն է հիւանդաց, բշժկութեան աղօթք արտասանեց ու մաղթեց որ Հայր Սուրբը Տիրոջ կամքով իր առողջութիւնը վերագտնէ եւ Պատրիարաքական Աթոռէ ներս շարունակէ իր արգասաբեր ծառայութիւնը։ Թաթուլ Ծ. Վրդ., շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր հայրական այցելութեան համար եւ խնրդեց իր հոգեւոր եղբայրներուն աղօթակցութիւնը։