ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական

120200075_1644444279048782_4213516163155154368_n

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին այցելեց Յունաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպտ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական-Միջկրօնական յարաբերութեանց տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նախ քան ընդունելութիւնը, Նորին Ամենապատուութիւնը ու հետեւորդները այցելեցին Աթոռանիստ Ս. Գէորգ Տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարեցին աղօթասացութիւն։ Ապա, Պատրիարք Հայրը հանդիպում ունեցաւ, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Պատրիարքի հետ։

120198946_1644444329048777_2660878097916117006_nՔաղաքավարական այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ Քորոնա Համավարակի շրջանը, արգելք եղած էր փոխադարձ այցելութեանց։ Սոյն այցելութեամբ, երկու հոգեւոր պետեր համախմբուելու եւ զրուցելու առիթը կը գտնէին։ Տեսակցութեան ընթացքին, գաղափարի փոխանակումներ եղան միջեկեղեցական յարաբերութեանց մասին։ Նորին Սրբութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Ինք եւս անդրադարձաւ, համավարակի շրջանի առթած նեղութիւններուն մասին ու մաղթեց որ այս դժուարին օրերը անցնին ի մօտոյ Աստուծոյ ողորմութեամբ։ Հանդիպման աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը, իր այցելութեան իբրեւ յիշատակ՝ Նորին Սրբութեան նուիրեց հայկական ոճով պատրաստուած փայտի վրայ գծուած՝ Աստուածամօր նկար մը։ Իսկ, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ու նուիրեց Քարամաներէն անունով ծանօթ՝ Յունատառ Թրքերէնով գրուած երկու աղօթագիրք, որ վերածուած էր Լատինատառ Թրքերէնի։

120230810_1644444362382107_111335139803187423_n

Նորին Ամենապատուութիւնն ու հետեւորդները, Յունաց Պատրիարքարանէ հրաժեշտ առնելէ յետոյ այցելեցին նաեւ Ոսկեղջիւրի ափի՝ Պուլկար Սվէթի Ստեֆան (Ս. Ստեփանոս) Եկեղեցին, որ ծանօթ է «Երկաթեայ Եկեղեցի» անունով ու կատարեցին ուխտի աղօթք։ Տեղւոյն վրայ, Նորին Ամենապատուութիւնը, հետաքրքրուեցաւ եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ այժմու առաքելութեամբ։ Գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ճարտարապետ Յովսեփ Ազնաւուրի անունը անմահացած էր եկեղեցւոյ պատմութեամբ ու տաճարը բաց էր Աստուածային պաշտամունքի եւ մերթ ընդ մերթ կը մատուցուէր Ս. Պատարագ, մանաւանդ տօնական օրերուն։

 

  • 120198946_1644444329048777_2660878097916117006_n
  • 120230810_1644444362382107_111335139803187423_n
  • 120200075_1644444279048782_4213516163155154368_n