ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՊԱՆԴԱԼԷՈՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական
256

Քէօլնի Ս. Պանդալէոն Եկեղեցին

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ Արժ. Տ.Տրդատ Քհն. Ուզունեանի, Բերնդ Մուսսինկհոֆի եւ ՃէյսիՄանթուրութիլի 21 Օգոստոս 2005, ժամը 18.00-ին յատուկայցելութիւն մը տուաւ Քէօլնի մէջ գտնուող հռոմէական 12եկեղեցիներէն՝ Սուրբ Պանդալէոն Եկեղեցին(http://www.pantaleon-koeln.de/; http://www.romanische-kirchen.de/)։

257

Հայր Փէթէր ֆոն Շթայնից

Պատրիարք Հայրը Եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն դիմաւորուեցաւտեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Գերյ. Տքթ. Փէթէր ֆոն Շթայնիցի կողմէ,վաղեմի բարեկամ մը, որ Ս. Պանդալէոնի Եկեղեցւոյ համալիրըգտնուող եկեղեցապատկան հիւրանոցին մէջ 1993-ի Յունուարին հիւրասիրած էր Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքը եւ այլհայ եպիսկոպոսներ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի որպէսԳերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ գահակալութեան առիթով։ Հայր Փէթէրֆոն Շթայնից անդամ է նաեւ Քէօլնի Գերման Կաթոլիկ ԹեմիՄիջեկեղեցական Յարաբերութեանց Յանձնաժողովին։

258

Հայազգի Կայսրուհի Թէոփանուի որմնանկարներէն մէկը

Պատրիարք Հայրը նախ մուտք գործեց Ս. Պանդալէոնի Տաճարը, իրյարգանքը մատոյց Կայսրուհի Թէոփանուի (http://www.kts-koeln.de/english/theophan.htm) դամբանին առջեւ եւ աղօթեց անորհոգւոյն ի հանգիստ։ Թէոփանուն Հայ հրամանատարի մը դուստրըեղած է, որ ամուսնացած էր Օտտոն Բ. Կայսրին հետ, ծնունդ տուածէր Օտտոն Գ. Կայսեր եւ վերջապէս մահացած էր որպէս ՀռոմիՍմբազան Կայսրութեան եւ Գերմանական Գահու Կայսրուհին։

259

Տրդատ Քահանայ, Պատրիարք Հայրը, Հայր Շթայնից, Բերնդ Մուսսինկհոֆ

Հայր Փէթէր ֆոն Շթայնից, ապա հրաւիրեց Պատրիարք Հայրը եւ իրընկերակիցները իր հովուատունը, տօնելու ՀամաշխարհայինԵրիտասարդաց Օրուան ձեռնարկներու յաջողութիւնը։ Հայր Փէթէր,Պատրիարք Հօր նուիրեց նաեւ երեք գիրքեր։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Փէթէր ֆոնՇթայնիցին՝ իր ջերմ ընդունելութեան, նուիրած գիրքերուն եւ իմասնաւորի զինք հրաւիրած ըլլալուն համար ընծայացուներուն հետ 19Օգոստոսին տեղի ունեցած այն յուզիչ աղօթքի հաւաքին, ուր առիթն էրունեցած աղօթելու եւ ողջագուրուելու Նորին ՍրբութիւնԲենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին հետ։