ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴԻՄԵՑ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը Ստանպուլի ԿուսակալՄուամմէր Կիւլէրին յղած 19 Ապրիլ թուակիր նամակով պահանջեց որ24 Ապրիլ 2005 Կիրակի ապահովութեան միջոցներ առնուին հայկական հաստատութեանց մօտ։

Նորին Ամենապատուութեան նամակին պարունակութիւնը հետեւեալն էր.

Մեծայարգ Կուսակալ,
 
Այս տարի 24 Ապրիլը կը զուգադիպի կիրակի օրուան եւ նոյն օրըՍտանպուլի մեր եկեղեցիներուն մէջ կիրակնօրեայ կանոնական պաշտամունք տեղի կ՚ունենայ։
 
Նկատողութեան առնելով վերջերս երկրի զանազան վայրերունարձանագրուած դէպքերը, եւ որեւէ անբաղձալի դէպքի առաջքնայժմէն առնելու նպատակաւ, 24 Ապրիլ 2005 Կիրակի, Պոլսահայ եկեղեցիներու, վարժարաններու, միութեանց, հիւանդանոցներու եւգերեզմաններու ապահովութեան միջոցառումները  կը յանձնեմ Ձերբարձր նկատառման։
 
Մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին համար լաւագոյն մաղթանօք եւ աղօթիւք:

Մեսրոպ Բ
Պատրիարք ՀայոցԹուրքիոյ