ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

erganyan

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 24 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, հիւրընկալեց համայնքիս երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Երկանեանները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յղեցին բարեմաղթութիւններ եւ յուշանուէր մը յանձնեցին՝ ի նշանաւորումն իր գահակալութեան շրջանի սկիզբին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Երկանեան ամոլի այցելութեան համար՝ հայրական բարձր գնահատանքը արտայայտելով Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններու երկարամեայ բարերարութեան կապակցութեամբ։ Ան մատնանշեց, որ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ նոր շրջան մը սկսած է եւ իր մաղթանքն է, որ այս մէկը օրհնաբեր ըլլայ մեր ամբողջ համայնքի տեսակէտէ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնը Երկանեաններուն, որոնց մաղթեց առողջութիւն։