ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ

Kategori: Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 15 Ապրիլ 2005 ուրբաթ կէսօրէ առաջ, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան ատենապետ՝ Դանիէլ Անթիքաճեանը, փոխ-ատենապետ՝ Տքթ. Արտաշ Աքտաղը եւ Ատենադպիր՝ Արման Իւթիւճեանը։

Այցելուները իրենց չորս տարուան գործունէութեան մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեցին եւ անգամ մը եւս Պատրիարք Հօր պարզեցին Գալֆաեան Տան հետ կապուած պիւտճէի եւ կալուածներու հետ կապուած հարցերը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ գնահատեց տարուած աշխատանքը՝ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի բարոյական կտակին տրամադրութիւնները յարգելու եւ աղջկանց սոյն վարժարանի գոյութիւնը ապահովելու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը թարգման հանդիսացաւ նաեւ համայնքի գնահատանքին խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն նկատմամբ եւ յոյս յայտնեց որ նոյն խնամակալութիւնը յառաջիկայ համայնքային ընտրութիւններուն եւս կը մասնակցի՝ բնականաբար զօրացնելով նոյն կազմը  նոր անդամներով։
<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><
ԼՐԱԲԵՐ  16/04/2005
Հայոց Պատրիարքութեան Պարբերական Տեղեկատու
Ermeni Patrikligi, TR-34130 Kumkapi, Istanbul
Տնօրէն՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեան
Ա. Խմբագիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեան
Բ. Խմբագիր՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Մամլոյ Բանբեր՝ Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար
Հեռ.։ (90 212) 517 0970
Հեռատիպ։ (90 212) 516 4833
Էլ-փոստ։ lraper@lraper.org կամ patriarchate@post.com

  • 12