ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 30 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ անդամները առաջնորդութեամբ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի եւ գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։

2019 YESILKOY

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անոնք անգամ մը եւս հաւաստիացուցին թէ՝ Եշիլգիւղի Ընտանիքը, ինչպէս անցեալին, ապագային եւս նեցուկ պիտի կանգնի Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ համայնքային բոլոր հաստատութեանց եւ թէ՛ մերազն ժողովուրդի համար ու խաղաղութիւնը տիրէ Հայ համայնքէ ներս։