ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Յունուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝ 10-00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կազդուրման Կայանի Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Արի Չօլաքի։

 

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Անոնք անգամ մը եւս հաւաստիացուցին թէ՝ Կազդուրման Կայանը, մանկանց առաքելութեան ճամբով իր ծառայութեան պիտի շարունակէ յօգուտ համայնքին։

2020 GAZTURMAN GAYAN

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Կազդուրման Կայանը, մասնաւորապէս ամրան շրջանին կարեւոր պատասխանատուութիւն ունէր։ Այս ուղղութեամբ ծառայութիւնը առաւել եւս արդիւնաւորելու համար իր հայրական թելադրութիւնները ըրաւ։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ սոյն հաստատութիւնը աւանդն է Շնորհք Պատրիարքին եւ որպէս նորընտիր Պատրիարք, իր նախորդներուն նման պիտի ջանար համայնքի զաւակները Պատրիարքական հոգածութեան առարկայ դարձնել։ Այս առթիւ, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչայիններուն իրենց պաշտօնին մէջ։