ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 20 Դեկտեմբեր 2019, միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն, Արիֆ Էրկիւնէշն ու Թալին Էրկիւնէշը։

2019 HAYRI INONU TEBRIK

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով, մաղթեց որ սոյն ընտրութիւնը օրհնութիւն դառնայ Պատրիարքական Աթոռոյ, համայնքային հաստատութեանց եւ մերազն ժողովուրդի համար։